Search
Close this search box.

«ԴիասՊրո», նոր ծրագիր Սփիւռքի կամաւոր հայ մասնագէտներու համար

Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը առաջին անգամ ըլլալով կ՚իրականացնէ «ԴիասՊրո» մասնագիտական կամաւորական ծրագիրը, որ կարելիութիւն կ՚ընձեռէ սփիւռքահայ մասնագէտներուն առցանց կամ անցանց եղանակով իրենց խորհրդատուական եւ փորձագիտական ներուժը ներդնել Հայաստանի Հանրապետութեան պետական եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու աշխատանքի զարգացման գործին մէջ: 

Ծրագիրը նախաձեռնուած եւ մշակուած է՝ հաշուի առնելով հայրենիքի կառավարման համակարգին մէջ կամաւորական սկզբունքով աշխատանքի պատրաստակամութիւն յայտնած սփիւռքեան տարբեր մասնագիտական շրջանակներու եւ Հայաստանի պետական համակարգի գերատեսչութիւններու պահանջարկը: 

Ծրագրի առաջին փուլին մասնակցութեան կը հրաւիրուին հետեւեալ 5 ոլորտներու մասնագէտները՝

– Առողջապահութիւն

– Ընկերային հարցեր

– Մարդկային իրաւանց պաշտպանութիւն

– Տնտեսութիւն

– Զբօսաշրջութիւն

ԴԻՄՈՒՄԻ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐ

Ծրագրին դիմում ներկայացնելու համար մասնակիցը պէտք է լրացնէ  հետեւեալ պայմանները.

– բարձրագոյն կրթութիւն

– առնուազն 2 տարուան մասնագիտական աշխատանքային փորձ

Հայերէն լեզուի բաւարար իմացութիւնը խիստ ցանկալի է։

Հարցազրոյցներէ ետք  ընտրուած սփիւռքահայ մասնագէտները 2024 Յունուար 15-էն առցանց կամ առկայ ձեւաչափով կը սկսին կամաւորական  գործունէութիւնը՝ իւրաքանչիւր պետական մարմինի մասնագիտական կարիքներուն համապատասխան։

ԴԻՄՈՒՄՆԵՐ

Դիմումներու ընդունման վերջնաժան պայմանաժամն է 2023 Նոյեմբեր 20-ը:

Դիմումի համար կը խնդրուի այցելել՝ http://diaspora.gov.am/en/programs/39

Ծրագիրը վարձատրութիւն չի նախատեսեր:

ԿԱՊԻ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ

Հարցերու առկայութեան պարագային կարելի է դիմել՝

diaspro@gov.am

Հեռ.՝ +374 10 515 537, +374 10 515 514, +374 10 515 538