Search
Close this search box.

Դիլիջանի վերանորոգուած մարզահամալիրի բացման արարողութիւնը

Դեկտեմբեր 9-ին, Տաւուշի մարզին մէջ տեղի ունեցած է Դիլիջանի վերակառուցուած մարզահամալիրի բացման արարողութիւնը, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ներկայութեան։

Վարչապետը շրջած է մարզահամալիրին մէջ, ծանօթացած իրագործուած շինարարական աշխատանքներուն: 

Դիլիջանի մարզահամալիրը վերջին անգամ նորոգուած էր 2006-ին։ Ծրագիրը իրականացուած է Դիլիջանի համայնքապետարանի և GreenRock Management Group միջազգային կառուցապատող ընկերութեան համագործակցութեամբ։ Նորոգուած է շէնքին արտաքին եւ ներքին ձեւաւորումը։ Համալիրը այժմ ունի նոր մարզական գոյք եւ սարքաւորումներ։ Պատասխանատուներու վկայութեամբ՝ կառոյցին մէջ պիտի գործեն ըմբշամարտի, կռփամարտի, բազկամարտի, ֆութպոլի, սեղանի թենիսի եւ գեղարուեստական մարմնամարզութեան խմբակներ։ Ներկայիս հոն կրնայ մարզուիլ աւելի քան 500 հոգի։