Search
Close this search box.

ԴԻԼԻՋԱՆ – Արհեստներու 2-րդ միջազգային փառատօնին մասնակցած են շուրջ 40 վարպետներ Հայաստանէն եւ արտասահմանէն

 

Յուլիս 20-ին, Դիլիջանի մէջ բացումը կատարուած է արհեստներու 2-րդ միջազգային երկօրեայ փառատօնին, «Յովհաննէս Շարամբէեան» ժողովրդական արուեստներու թանգարանի կազմակերպութեամբ եւ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարութեան աջակցութեամբ։

Փառատօնին մասնակցած են շուրջ 40 վարպետներ Հայաստանէն, Սերպիայէն, Պուլկարիայէն, Իրանէն, Վրաստանէն եւ այլ երկիրներէն։

Բացման արարողութեան ներկայ գտնուած է ԿԳՄՄ նախարար Ժաննա Անդրէասեան եւ ընդգծած թէ ժողովրդական արհեստներն ու արուեստը մեր ինքնութեան ու մշակոյթի կարեւոր արժէքներէն են, որոնց պահպանումն ու զարգացումը հրամայական է: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է փառատօնին մասնակցող բոլոր վարպետներուն՝ համագործակցութեան եւ կատարած անգնահատելի աշխատանքին մասին։

Նախարարուհին կարեւոր նկատած է նաեւ գիւմրեցի դարբիններու մասնակցութիւնը՝ նկատի ունենալով, որ Գիւմրիի դարբնութեան աւանդութիւնը ընդգրկուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մարդկութեան ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ։

«Յովհաննէս Շարամբէեան» թանգարանի տնօրէնուհի Լուսինէ Թորոսեան յոյս յայտնած է, թէ փառատօնը մօտ ապագային կը դառնայ Հայաստանի այցեքարտերէն մէկը ու նաեւ սիրուած ձեռնարկ՝ թէ՛ տարածաշրջանի եւ թէ՛ ամբողջ աշխարհի վարպետներուն համար։

Փառատօնի շրջանակին մէջ Դիլիջան քաղաքի հանրապարտէզին մէջ  ներկայացուած են արհեստներու եւ արուեստներու տարբեր նմուշներ՝ ասեղնագործ, թաղիքէ, փայտէ ու մետաղէ պատրաստուած ինքնատիպ աշխատանքներ, գորգեր, կարպետներ, զարդեր, տիկնիկներ, խեցեղէն եւ այլն։

Առանձին տաղաւարներով ներկայացած են Գիւմրիի ժողովրդական ճարտարապետութեան եւ քաղաքային կենցաղի, Դիլիջանի եւ Լոռի-Փամբակի երկրագիտական թանգարանները, Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրի՝ հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան թանգարանը, «Էրեբունի» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանը, ինչպէս նաեւ «Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան կեդրոնը:

Փառատօնի երկու օրերու ընթացքին ելոյթներ ունեցած են պարային համոյթներ եւ լարախաղացներ, ցուցադրուած են հայկական տարազներ, ֆիլմեր, գործադրուած են յատուկ ծրագրեր երեխաներու համար, ներկայացուած են դասախօսութիւններ, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցած է աւանդական խոհանոցի բազմազան ուտեստներու համտես։