Search
Close this search box.

ԴԻԼԻՋԱՆ – Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու տարեկան ժողովը

Բացման նիստին ներկայ եղած է վարչապետը

Օգոստոս 26-ին, Դիլիջանի մէջ սկիզբ առած է օտար երկիրներու մէջ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու տարեկան ժողովը։ Բացման նիստին ներկայ եղած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան։

Իր ելոյթին վարչապետը ընդգծած է դեսպանութիւններու առանցքային դերն ու նշանակութիւնը։ Ան անդրադարձած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն:

Վարչապետի ելոյթին յաջորդած են արտաքին քաղաքականութեան օրակարգային հարցերու շուրջ քննարկումներ՝ առկայ հիմնական խնդիրներու եւ անոնց լուծման կարելիութիւններուն շուրջ: