«Դիմադրութիւն» շարժումի ներկայացուցիչները Արցախ այցելած են

«Դիմադրութիւն» շարժումի ներկայացուցիչները Յունիս 21-էն 23 այցելած են Արցախի Հանրապետութիւն, հանդիպումներ ունեցած քաղաքական ուժերու, ԱՀ Ազգային Ժողովի բոլոր խմբակցութիւններու, պետական կառոյցներու ներկայացուցիչներու եւ ԱՀ նախկին նախագահներուն հետ:

ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան, երեսփոխաններ Տիգրան Աբրահամեան, Աղուան Վարդանեան, Արամ Վարդեւանեան, Արթուր Սարգսեան եւ Գեղամ Մանուկեան Արցախի ԱԺ երեսփոխաններուն հետ այցելած են Ասկերանի, Մարտակերտի եւ Մարտունիի շրջանները, հանդիպում ունեցած են բնակիչներու, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավարներու հետ: Առանձին հանդիպում կայացած է նաեւ Ստեփանակերտի քաղաքապետարանին մէջ՝ մայրաքաղաքի վարչական ղեկավարութեան, աշխատակազմի, կրթական ու մշակութային հաստատութիւններու տնօրէններու մասնակցութեամբ:

Հանդիպումներուն՝ «Դիմադրութիւն» շարժումը համակարգող Իշխան Սաղաթէլեան ներկայացուցած է Շարժումի մարտահրաւէրներն ու յառաջիկայ ընելիքները:

Ընդգծուած է, թէ Շարժումը առաւել համահայկական ու ընդգրկուն դարձնելու համածիրին մէջ առանցքային տեղ ունի Արցախի Հանրապետութիւնը։

Վերահաստատուած է, որ Արցախի իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին համար ուղենիշ կը մնայ 2022 Ապրիլ 14-ին ԱՀ ԱԺ-ի կողմէ միաձայնութեամբ ընդունուած յայտարարութիւնը, ուր ամրագրուած են Արցախի ապագային շուրջ առանցքային սկզբունքներն ու կարմիր գիծերը: