Search
Close this search box.

Դիւանագիտական յանդուգն նախաձեռնութիւն

Յունիս 21-ին, Հա­յաս­տան եւս անակնկալ կեր­պով միացաւ վեր­ջին շրջա­նին Պա­ղես­տի­նի պե­տու­թիւնը ճանչցող եր­կիրնե­րու շար­քին՝ Սպա­նիա, Նոր­վե­կիա, Իռ­լանտա, Սլո­վենիա։ Սա­կայն, հիմ­նա­կան տար­բե­րու­թեամբ մը՝ վե­րոն­շեալ եր­կիրնե­րը ճանչնա­լու որո­շու­մը կայացուցին յետ խորհրդա­րանա­կան քննար­կումնե­րու, իսկ Հա­յաս­տան՝ կա­ռավա­րական որո­շու­մով։ Հա­յաս­տա­նի նման խորհրդա­րանա­կան վար­չա­կար­գի հա­մար էական է նման քննար­կում պե­տու­թեան դիր­քո­րոշու­մը հան­րութեան եւ մի­ջազ­գա­յին դե­րակա­տար­նե­րուն աւե­լի լսե­լի դարձնե­լու հա­մար։ Սա­կայն այս զան­ցա­ռու­մը զար­մա­նալիօրէն Հա­յաս­տա­նի ընդդի­մու­թեան կող­մէ խնդրոյ առար­կայ չդար­ձաւ։ Ըստ երե­ւոյ­թին վեր­ջինս աւե­լի տա­րուած էր Բագ­րատ սրբա­զանի ցոյ­ցե­րու թա­փը չկոտ­րե­լու մտա­հոգու­թեամբ։ Իսկ Բագ­րատ սրբա­զան ցայժմ մի­ջազ­գա­յին քա­ղաքա­կան ան­ցուդար­ձե­րու մա­սին բա­ցար­ձա­կապէս ոչ մէկ հե­տաքրքրու­թիւն ցու­ցա­բերած է։ 

Ար­տա­քին գոր­ծե­րու նա­խարա­րու­թեան յայ­տա­րարու­թիւնը կը նշէ. «Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետութիւ­նը միացել է ՄԱԿ-ի Ըն­դհա­նուր ժո­ղովի բա­նաձեւերին, որոնք կոչ են անում ան­յա­պաղ հրա­դադար հաս­տա­տել Գա­զայում։ Աւե­լին, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւնն ան­կեղծօ­րէն շա­հագրգռուած է Մեր­ձա­ւոր Արեւել­քում խա­ղաղու­թեան եւ կա­յու­նութեան հաս­տատմամբ, հրեայ եւ պա­ղես­տինցի ժո­ղովուրդնե­րի միջեւ տեւական հաշ­տութեան կա­յաց­մամբ։ Մի­ջազ­գա­յին տար­բեր հար­թակնե­րում մենք մշտա­պէս հան­դէս ենք եկել պա­ղես­տինեան հար­ցի խա­ղաղ եւ հա­մապար­փակ կար­գա­ւոր­ման օգ­տին եւ պաշտպա­նում ենք իս­րա­յէլա-պա­ղես­տի­նեան հա­կա­մար­տութեան լուծման՝ “եր­կու պե­տու­թիւն” սկզբունքը։ …Ել­նե­լով վե­րոն­շեալից եւ վե­րահաս­տա­տելով իր հա­ւատար­մութիւ­նը մի­ջազ­գա­յին իրա­ւունքին եւ ժո­ղովուրդնե­րի հա­ւասա­րու­թեան, ինքնիշ­խա­նու­թեան ու խա­ղաղ հա­մակե­ցու­թեան սկզբունքնե­րին՝ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւնը ճա­նաչում է Պա­ղես­տի­նի Պե­տու­թիւնը»։

Արա­բական պե­տու­թիւննե­րը ող­ջունե­ցին Հա­յաս­տա­նի նա­խաձեռ­նութիւ­նը։ Ինչպէս նաեւ Թուրքիան։ Իսկ Իս­րա­յէլ խստօրէն հա­կազեց, յայտնե­լով որ այս քայ­լը ժխտա­կան հե­տեւանքներ պի­տի ու­նե­նայ Իս­րա­յէլ-Հա­յաս­տան յա­րաբե­րու­թիւննե­րուն վրայ։ Յա­րաբե­րու­թիւններ, որոնք գործնա­կանին մէջ գո­յու­թիւն չու­նին, չը­սելու հա­մար որ բո­լորո­վին ազե­րամէտ են։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կող­մէ Պա­ղես­տի­նի պե­տու­թեան ճա­նաչու­մը կը հա­մապա­տաս­խա­նէ Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թեան՝ Ազեր­պայճա­նի հետ խա­ղաղու­թեան դա­շին­ք ստո­րագ­րելու ընդհան­րա­կան դիր­քո­րոշումնե­րուն՝ պա­տերազ­մի եւ ու­ժի գոր­ծա­ծու­թեան բացա­ռում, հա­կամար­տութիւ­նը լու­ծե­լու հա­մար մի­ջազ­գա­յին օրէն­քի գոր­ծադրու­թիւն, ժո­ղովուրդնե­րու ինք­նիշ­խա­նու­թեան սկզբունքի վե­րահաս­տա­տում։

Հայ-հրէական յա­րաբե­րու­թիւննե­րը շատ աւե­լի ըն­դարձակ են քան միայն Հա­յաս­տան-Իս­րա­յէլ յա­րաբե­րու­թիւննե­րը։ Իս­րա­յէլի կա­ռավա­րու­թեան Երու­սա­ղէմը հրէակա­նացնելու քա­ղաքա­կանու­թիւնը նոյն խտրա­կան քա­ղաքա­կանու­թեան կ՚են­թարկէ արաբ­նե­րը, հա­յու­թիւնը ու այլ ազ­գութիւննե­րը։ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճանաչու­մը, Իս­րա­յէլ-Ազեր­պայճան ռազ-

մա­կան գոր­ծակցու­թիւնը հար­ցեր են որոնք կ՚ազ­դեն նաեւ Սփիւռքի մէջ հայ եւ հրեայ հա­մայնքնե­րու հա­մերաշխ գո­յակ­ցութեան ու գոր­ծակ­ցու­թեան վրայ։

Կա­զայի դէմ Իս­րա­յէլի շղթա­յա­զեր­ծած պա­տերազ­մը մի­ջազ­գա­յին եւ մար­դա­սիրա­կան օրէնքնե­րու ոտ­նա­կոխու­մով՝ բա­րոյա­կան ու քա­ղա­քա­կան լուրջ պա­տաս­խա­նատ­ւութեան առ­ջեւ կը դնէ արեւմտեան մեծ տէ­րու­թիւննե­րու եր­կու չափ – եր­կու կշիռ երկդի­մի քա­ղաքա­կանու­թիւնը։ Դի­ւանա­գիտա­կան դի­տան­կիւնէն, Հա­յաս­տա­նի որո­շու­մը կը հա­կասէ իր գլխա­ւոր արեւմտեան դաշ­նա­կից­նե­րու՝ ԱՄՆ, Ֆրան­սա, Գեր­մա­նիա… դիր­քո­րոշու­մին, որոնք մին­չեւ հի­մա չեն ճանչցած Պա­ղես­տինեան պե­տութիւնը։ Այս առումով Հայաստանի սոյն քայլը կարեւոր ուղերձ է արաբ-իսլամական երկիրներու, ուր Ազերպայճան յաճախ իր հակահայ քաղաքականութեան համար բնական դաշնակիցներ կը գտնէ։ Իսկ Իրանի համար շատ զգայուն թղթածրար մըն է, վերջինս խիստ քննադատութեամբ ընդունած էր Իսրայէլի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւն բանալու որոշումը։     

Ժ.Չ. ■