Search
Close this search box.

ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը կ՚ողջունէ Հայաստան–Ազերպայճան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ Թուրքիոյ ներդրումը

Եւրոպայի համագործակցութեան եւ անվտանգութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) ընդհանուր քարտուղար Հելկա Շմիթ Անգարայի մէջ դեսպաններու 13-րդ խորհրդաժողովի բացումին յայտարարած է, որ կ՚ողջունէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ ջանքերը: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» գործակալութիւնը։

Ան աւելցուցած է, որ հանդիպում պիտի ունենայ Թուրքիոյ` Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գծով յատուկ բանագնաց Սերտար Քըլըչի հետ:

Շմիթ նաեւ նշած է, որ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մէջ Թուրքիոյ ներդրումը եւ շահագրգիռ կողմերուն հետ տարած աշխատանքը իրենց համար շատ կարեւոր է: