Նոյեմբեր 18-ին, Երեւանի մէջ սկսած է Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԱՀԿ ԽՎ) աշնանային նստաշրջանը:
Հայաստան ժամանած են 47 երկիրներէ շուրջ 300 պատուիրակներ:
Ռուսաստան, Թուրքիա եւ Ազերպայճան չեն մասնակցիր նիստերուն։
Վեհաժողովի բացման արարողութեան ելոյթ ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Ան անդրադառնալով Հայաստան-Ազերպայճան բանակցութիւններուն մասնաւորապէս ըսած է, որ ունի լաւ եւ գէշ լուրեր։ “Լաւը՝ այն է, որ Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան հիմնական սկզբունքները կը համապատասխանեն իրարու, երկու երկիրները իրարմէ տարածքային պահանջներ չունին եւ պատրաստ են ստանձնելու իրաւական պարտաւորութիւն՝ ապագային եւս նման պահանջներ չներկայացնելու։
Ահա նաեւ այս ըմբռնումն է պատճառը, որ մենք Ազերպայճանին կ՚առաջարկենք փոխադարձաբար զօրքեր չունենալ Խորհրդային Միութեան վարչական սահմանին այս ու այն կողմը, ինչպէս նաեւ հասցէագրել նախկին կամ ներկայ կղզիացած տարածքներու հարցերը: Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մաս կազմող Արծուաշէնը, օրինակ, 30 տարիէ աւելի է, որ կը գտնուի ազերպայճանական բռնագրաւման տակ:
Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան յաջորդ սկզբունքը այն է, որ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւնները պէտք է վերաբացուին երկիրներու ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան, փոխադարձութեան, հաւասարութեան սկզբունքներու հիման վրայ:
(…) Իսկ որո՞նք են գէշ լուրերը: Ամէնէն կարեւոր գէշ լուրը այն է, որ մենք տակաւին կը խօսինք տարբեր դիւանագիտական լեզուներով եւ շատ յաճախ զիրար չենք հասկնար:
Չափազանց կասկածելի կը թուի նաեւ Ազերպայճանի բարձրագոյն հովանաւորութեամբ, եւ ըստ էութեան պաշտօնական մակարդակով՝ անոնց, Հայաստանի Հանրապետութիւնը կոչել սկսիլը «Արեւմտեան Ազերպայճան»: Եւ այս հայեցակարգը կ՚ուսուցանուի դպրոցներու եւ համալսարաններու մէջ: Սա մենք կը սեպենք նոր պատերազմ, Հայաստանի դէմ նոր ռազմական յարձակում կազմակերպելու նախապատրաստութիւն, եւ խաղաղութեան հոլովոյթի յառաջընթացի հիմնական խոչընդոտներէն է:
Մենք չենք հասկնար նաեւ տասնեակ գերիները չվերադարձնելու Ազերպայճանի մօտեցումը՝ հակառակ անոր, որ շատոնց առաջարկած ենք այս հարցը լուծել խաղաղութեան օրակարգին յարիր բանաձեւով. բոլորը՝ բոլորի դիմաց”:
Վարչապետը խօսած է նաեւ Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան հարցին շուրջ.
“Մենք երկխօսութեան մէջ ենք նաեւ Թուրքիոյ հետ: Յամենայն դէպս, նախապէս նման աշխուժ երկխօսութիւն երբեք չենք ունեցած, հակառակ անոր որ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման առումով տակաւին որեւէ յաջողութիւն չունինք: Բայց Թուրքիոյ հետ Հայաստանի յարաբերութիւններու բարելաւումը կարեւորագոյն գործօն է մեր տարածաշրջանի՝ Հարաւային Կովկասի խաղաղ, զարգացող ու անվտանգ միջավայրի ռազմավարական տեսլականին համար: Յառաջիկային կը յուսանք լսել նորութիւն՝ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու եւ դիւանագիտական անցագիր ունեցողներու համար Հայաստան-Թուրքիա սահմանը բանալու մասին, ինչ որ պիտի ըլլայ մեծ խորհրդանշական քայլ մը”:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։