Պաշտօնական երկօրեայ այցով Մարտ 5-ին Գահիրէ ժամանած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նոյն օրը հանդիպում ունեցած է նախագահ Ապտել Ֆաթթահ ալ-Սիսիի հետ:
Նախ տեղի ունեցած է երկու երկիրներու առաջնորդներուն գլուխ-գլխի զրոյցը, այնուհետեւ քննարկումները շարունակուած են ընդլայնուած կազմով:
Եգիպտոսի նախագահը ողջունած է վարչապետ Փաշինեանի պաշտօնական այցը եւ ընդգծած, որ ան նոր ազդակ կը հաղորդէ Եգիպտոս-Հայաստան համագործակցութեան։ Ապա, ան շեշտած է հայ եւ եգիպտացի ժողովուրդներու բազմադարեայ սերտ կապերու փաստը` աւելցնելով, որ Եգիպտոսի հայ համայնքը իր ուրոյն դերը ունի տարբեր բնագաւառներու զարգացման մէջ:
Վարչապետ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար։ Ան կարեւոր նկատած է առեւտրատնտեսական համագործակցութեան ընդլայնումն ու խորացումը, ընդգծելով գործարար կապերու զարգացման անհրաժեշտութիւնը:
Կողմերը քննարկած են տնտեսութեան, ենթակառոյցներու, զբօսաշրջութեան, օդային հաղորդակցութեան, բարձր արհեստագիտութեանց, գիւղատնտեսութեան, շրջակայ միջավայրի, կրթութեան, մշակոյթի բնագաւառներուն մէջ միատեղ նոր ծրագրերու իրականացման վերաբերող շարք մը հարցեր:
Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ Հարաւային Կովկասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի տարածաշրջաններուն մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթներուն առնչուող հարցերու: Երկուստեք շեշտած են խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման ու այդ ուղղութեամբ հետեւողական քայլերու իրականացման կարեւորութիւնը:
Փաշինեան Եգիպտոսի նախագահին ներկայացուցած է Հայաստան-Ազերպայճան խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ տեղի ունեցող քննարկումները եւ անդրադարձած հայկական կողմի սկզբունքային դիրքորոշումներուն:
Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ապտել Ֆաթթահ ալ-Սիսիի հանդիպումէն ետք, երկու երկիրներու ղեկավարներու ներկայութեամբ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Եգիպտոսի միջեւ փաստաթուղթերու ստորագրութեան արարողութիւնը: Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարութեան եւ Եգիպտոսի Միջազգային համագործակցութեան նախարարութեան միջեւ
ստորագրուած է տնտեսական համագործակցութեան վերաբերեալ փոխըմբռնման յուշագիր մը:
Նշենք, թէ վարչապետ Փաշինեան նոյն օրը հանդիպում ունեցած է նաեւ Արաբական պետութիւններու լիկայի ընդհանուր քարտուղարին եւ Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ՝ Թէոտորոս Բ.ի հետ։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։