Եգիպտոս այցելութեան երկրորդ օրը՝ Մարտ 6-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է Ալ-Ազհարի Գերագոյն իմամ, շեյխ Ահմետ Մոհամմատ Ալ-Թայեպի հետ:
Վարչապետը ընդգծած է Եգիպտոսի մէջ առկայ կրօնական հանդուրժողութիւնը եւ տեղւոյն հայ համայնքին նկատմամբ ցուցաբերուող ջերմ վերաբերումը: Ան ցաւով նշած, որ երբեմն կը փորձեն կրօնը օգտագործել քաղաքական նպատակներով` աւելցնելով, որ պատճառներէն է նաեւ այն, որ մարդիկ երբեմն այնքան ալ լաւ պատկերացումներ չունին կրօններու մասին: Այս առումով, վարչապետը շեշտած է կառավարութիւններու դերը:
Նիկոլ Փաշինեան Ալ-Ազհարի Գերագոյն իմամին նուիրած է Մատենադարանի մէջ պահուող 1719 թուականի Ղուրանի առաջին հատուածի կրկնօրինակը: Վերջինս շնորհակալութիւն յայտնած է արժէքաւոր նուէրին համար եւ ընդգծած հանդուրժողութեան ու խաղաղութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը նաեւ կրօններու միջոցով:
Մարտ 6-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Գահիրէի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի:
Վարչապետը դիմաւորած են Եգիպտոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աշոտ եպիսկոպոս Մնացականեան եւ Եգիպտոսի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Գերապայծառ Գրիգոր Օգոստինոս Գուսան:
Վարչապետը ծաղիկներ զետեղած է եկեղեցւոյ շրջափակը գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող խաչքարին մօտ:
Ան Առաջնորդարանին մէջ կարճատեւ հանդիպում ունեցած է Եգիպտոսի հայ համայնքի խումբ մը ներկայացուցիչներուն հետ եւ պատասխանած անոնց հարցումներուն: Փաշինեան անդրադարձած է Եգիպտոսի ղեկավարութեան հետ ունեցած տեսակցութիւններուն, կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն եւ այլ նիւթերու:
Նոյն օրը, Եգիպտոս կատարած պաշտօնական այցի աւարտին, վարչապետը այցելած է Եգիպտական քաղաքակրթութեան ազգային թանգարան։ Ան, գործադիր տնօրէնին ուղեկցութեամբ շրջած է թանգարանին մէջ եւ ծանօթացած ներկայացուած ցուցանմուշներուն:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։