Search
Close this search box.

ԵԽԽՎ-ի մէջ Ֆրանսայի պատուիրակութեան ղեկավարը այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր

Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) մէջ Ֆրանսայի պատուիրակութեան ղեկավար, Գալվատոսի երեսփոխան Պերթրան Պուիքս Դեկտեմբեր 12-ին այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր՝ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյիի ուղեկցութեամբ:  

Սրբադասուած նահատակներու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելէ ետք, ֆրանսացի դիւանագէտը այցելած է նաեւ ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը։ Ան ծանօթացած է մնայուն եւ առժամեայ ցուցադրութիւններուն եւ իր տպաւորութիւնը արձանագրած պատուոյ հիւրերու յուշամատեանին մէջ:

Թանգարանի տնօրէնի պաշտօնակատար Էտիդա Գզոյեան հիւրին նուիրած է Ցեղասպանութեան մասին վկայող գիրքեր։