Անցնող օրերուն, Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետը կապ հաստատած է Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) պատասխանատու մարմիններուն հետ, որ անգամ մը եւս միջազգային համայնքին ուշադրութեան յանձնեն Արցախը Հայաստանին կապող Բերձորի միակ միջանցքը անմիջապէս վերաբանալու հրամայականը եւ դատապարտեն Ազերպայճանի կողմէ կատարուող այս անմարդկային արարքը։
Արդարեւ, Ե.Հ.Խ.ը կոչով մը հանդէս եկած է, ուր ան կը դատապարտէ Բերձորի միջանցքին փակումը։ Խորհուրդը իր կոչին մէջ կը նշէ. «Նկատի ունենալով Բերձորի միջանցքին փակման պատճառով Արցախի մէջ յառաջացած մարդասիրական տագնապը, Ե.Հ.Խ.-ը կը վերահաստատէ իր կեցուածքը եւ կոչ կ՚ուղղէ միջազգային համայնքին անմիջապէս միջամտելու եւ նախաձեռնելու միջանցքի վերաբացման աշխատանքներուն»։
Արցախի ժողովուրդը կարիքը ունի սննդեղէնի, դեղորայքի, ելեկտրականութեան եւ վառելանիւթի։ Ուստի, «Ե.Հ.Խ.-ը դարձեալ կոչ կ՚ուղղէ Ազերպայճանի եւ տարածաշրջանի ուժերուն, որ անմիջապէս միջանցքին արգելքը վերցնեն, որպէսզի ճանապարհը ազատ ու ապահով ըլլայ քաղաքացիներու տեղաշարժին համար եւ մարդասիրական օժանդակութիւն հասնի Արցախի մէջ ապրող ու տառապող հայ ժողովուրդին»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։