Այս օրերուն, Բագրատ արք. Գալստանեան, իբրեւ եկեղեցական առաջնորդելով «Տաւուշը յանուն Հայրենիքի» քաղաքական շարժումը, այժմէականացուց եւ խնդրականացուց Հայ առաքելական եկեղեցի եւ քաղաքականութիւն փոխկապակցութիւններու հարցը։
Ներկայիս, այն ինչ որ տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի մէջ, յատուկ ուշադրութեան արժանի է, որովհետեւ բարձրաստիճան եկեղեցական մը քաղաքական ասպարէզ իջած է եւ քաղաքական յեղաշրջում մը կ՚ուզէ իրականացնել։ Նոյնիսկ, վարչապետի պաշտօն ստանձնելու յաւակնութիւն ունի, հակառակ անոր որ երկքաղաքացիութիւն ունենալով՝ ՀՀ սահմանադրութիւնը կ՚արգիլէ անոր պաշտօնավարումը, սակայն Բագրատ սրբազանի համար անկարելի բան չկայ, եթէ ժողովուրդը ցանկայ եւ Ամենայն կաթողիկոսը իր հաւանութիւնը տայ, կարելի է օրէնքը փոխել։
Եկեղեցականի մը գործը, պարզ ըսած, միջնորդել է մարդու եւ Աստուծոյ միջեւ։ Իսկ քաղաքական գործիչինը՝ ազգային հաւաքականութեան տարբեր խաւերու շահերն ու յարաբերութիւնները կարգաւորելը, վերաբաշխելը։ Ուրեմն, մինչեւ այն ատեն որ եկեղեցականի իւրայատուկ կարգավիճակը չի հակասեր սկզբունքներու եւ քաղաքական շահերու բախումին՝ խնդիր չկայ։ Սակայն հարցեր կը ծագին երբ քաղաքական որոշումները կը հակասեն քրիստոնէական հաւատքի սկզբունքներուն։
Ճիշդ հոս է որ Բագրատ սրբազանի վերաբերումն ու գործունէութիւնը մեծ հարցեր կը յառաջացնեն։ Սրբազանը կը յայտարարէ ճշմարտութեան, հաշտութեան, համերաշխութեան համար պայքարիլ, սակայն հանրութեան կոչ կ՚ընէ քաղաքացիական անհնազանդութիւն կատարելու, երբ ի պաշտօնէ պէտք է յորդորէ որ հանրութիւնը ապաշխարէ եւ մեղք գործելէ հեռու մնայ։ Նոյնն է պարագան վարչապետին նկատմամբ. ստախօս կ՚ամբաստանէ զայն, մինչ իբր եկեղեցական պէտք է զինք հրաւիրէ չմեղանչելու, մեղքերէ մաքրուելու, անոր համար աղօթելու։ Հաշտութիւն ջատագովելով հանդերձ կը պահանջէ վարչապետին հրաժարականը, նախքան անոր հետ հանդիպիլը եւ երկխօսութեան առաջարկ ներկայացնելը։
Բագրատ արք. Գալստանեանի պարագան շատ աւելի ծանրակշիռ է որովհետեւ ինք մինակ չի գործեր։ Անոր թիկունք կանգնած է Ամենայն հայոց կաթողիկոսը։ Բագրատ սրբազան միշտ կը յուշէ որ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը իր հայրն է, առանց անոր օրհնութեան չի գործեր։ Նշենք նաեւ որ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բարձրաստիճան արքեպիսկոպոսներ, ինչպէս՝ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկ. Աբրահամեան, քայլերթեր կազմակերպեցին միանալով Բագրատ սրբազանի «Տաւուշը յանուն Հայրենիքի» շարժումին։ Եւ բազմաթիւ այլ թեմակալ առաջնորդներ զօրակցութեան կոչեր յղեցին։ Անշուշտ Շիրակի մարզի առաջնորդին հակաքրիստնէական գործունէութիւնը դեռ մէկը չէ յաջողած գերազանցել, երբ ան մահապարտներու անհրաժեշտութեան մասին խօսեցաւ ձերբազատելու համար ներկայի վարչապետէն։ Այս բոլորին վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ Սփիւռքի այն ծուխերուն զօրակցութեան յայտարարութիւնները, որոնք առանց Մայր Աթոռի թելադրութեան՝ չէին կրնար դիմել նման քայլերու։
Ամփոփենք։ Ահաւասիկ սրբազան մը որ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ բեմ կը բարձրանայ, եկեղեցականի պարեգօտով, իբրեւ լոզունգ կ՚որդեգրէ «Հայ, Հայաստան, Հայրենիք ու Աստուած» բանաձեւը, որուն մէջ Աստուած վերջին դիրքը կը գրաւէ. բանաձեւ մը որ ոչ մէկ յղում ունի քրիստոնէական ուսմունքի, Քրիստոսի՝ իբր միջնորդ, որուն ներկայացուցիչն է եկեղեցականը երկրի վրայ։ Յետոյ եկեղեցականը նախքան բերնէն բառ մը արտասանելը կը խաչակնքէ ու կ՚արտաբերէ՝ «Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն սրբոյ» նախադասութիւնը, այսինքն՝ Աստուած եւ Քրիստոս առաջնակարգ դիրք կը գրաւեն։ Բոլոր այս երեւոյթները կը հակասեն քրիստոնէական ուսմունքին։ Բագրատ սրբազան պէտք է հրաժարի եկեղեցական կեանքէն, կամ Վեհափառին կողմէ պատժուի։ Սակայն նկատի առնելով վերջինիս զօրակցութիւնը, կրնանք միայն վերյիշել Համլէթի խօսքը՝ «Բան մը խախտած է Դանիոյ թագաւորութեան մէջ»։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։