Վայոց ձորի Եղէգիս համայնքի Եղէգիս-1 քարայր -կացարանի տարածքին հայ-գերմանական համատեղ արշաւախումբը հետաքրքրական եւ արժէքաւոր բացայայտումներ կատարած է:
«Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին՝ արշաւախումբի ղեկավար Կարէն Ազատեան ըսած է, որ այս տարուան պեղումներու ընթացքին քարայրին մէջ գտնուած է շուրջ 7000 կենդանիի ոսկոր, որոնց մէկ մասին բնութագրումը արդէն հաստատուած է:
“Դրանք 6000 տարեկան կատուազգիների, արջի, խոշոր եղջերաւոր կենդանիների ոսկորներ են: Փաստն այն է, որ Եղէգիս-1 քարայրը օգտագործուած է որպէս ժամանակաւոր կացարան”,– ըսած է ան:
Ազատեան բացատրած է, որ դեռ 2019 թուականին կենսաբան, դոկտոր, դասախօս Լեւոն Եպիսկոպոսեանի հետ Վայոց ձորի մէջ փորձած են գտնել հնագոյն մարդու բնակութեան հետքեր:
“Միասին կատարեցինք կարճ հետախուզական աշխատանք` գտնելու համար քարայր-կացարաններ, քանի որ փորձը ցոյց է տուել, որ հնագոյն մարդիկ առաջինը քարայր-կացարաններում են ժամանակաւոր բնակութիւն հաստատել: Շատին-Եղէգիս գիւղի միջակայքում գտնուեց մի ժայռածածկ փոքր քարայր, որտեղ գետնի մակերեսում յայտնաբերուեցին օբսիդիանից քարէ գործիքներ, որոնց տիպաբանական վերլուծութեան արդիւնքում ենթադրեցինք, որ դա կարող է լինել քարէ դարի փուլին պատկանող հնավայր”,– ըսած է հնագէտը` աւելցնելով, որ խումբը տեղւոյն վրայ մէկ մեթր խորութեամբ փոս բացած է եւ հայտնաբերած՝ բաւական հարուստ ոսկրաբանական նիւթ` քարէ գործիքներ, մոխրաշերտեր:
“2021 թուականին նիւթն ուղարկեցինք Գերմանիա` ռադիօածխածնային վերլուծության, եւ այս տարի պատասխանը եկաւ, որ գտածոները թուագրւում են Ք.ա. 4000 տարուայ: Էնէոլիթեան ժամանակաշրջանի հետ կապուած մեր ենթադրութիւնները ճիշտ դուրս եկան”,– պատմած է Ազատեան:
Ան նշած է, որ Վայոց ձորի մէջ մինչ այդ նման ժամանակաշրջանի հնավայր միայն Արենի 1 քարայրն էր:
“Մենք այս տարի եւս հետախուզական աշխատանքներ կատարեցինք եւ Շատին գիւղին մէջ յայտնաբերեցինք երկրորդ քարայր-կացարանը: Ճիշտ է՝ դեռ թուագրութիւն չկայ, բայց տիպաբանական վերլուծութեան արդիւնքին մէջ գրեթէ 50 տոկոսով դա եւս նոյն ժամանակահատուածին է վերաբերւում”,– ըսած է հնագէտը, աւելցնելով որ՝ Էնէոլիթեան մարդու գաղթի ուղիներէն մէկը, բացի Արենիէն, Շատինէն, եղած է նաեւ Եղէգիսի կիրճը:
“Եղէգիսում պեղումներն արդէն իսկ աւարտուել են, բայց դրանք անպայման շարունակութիւն կ՚ունենան յաջորդ տարիների ընթացքում”,– աւելցուցած է ան:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։