Search
Close this search box.

ԵՄ-ը պիտի գանձատրէ Ազերպայճանի կողմէ բռնագրաւուած արցախեան տարածքներուն ականազերծումը

 

Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար «Թուիթըր»-ի իր հաշիւին գրած է, թէ ԵՄ-ը նիւթական օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ Ազերպայճանին` երկրին տարածքները ականազերծելու համար:

«Ուրախութեամբ կը տեղեկացնեմ, որ Եւրոպական Միութիւնը իբրեւ մեծագոյն նուիրատու կառոյց, Ազերպայճանին յաւելեալ 4 միլիոն 250 հազար եւրօ պիտի տրամադրէ: Օժանդակութիւնը պիտի ցուցաբերուի “ներքին տեղահանուածներու անվտանգ վերադարձի ապահովում` Ազերպայճանի ականազերծման ազգային գործակալութեան կարողութիւններու ընդլայնման միջոցով” ծրագրի ծիրին մէջ»: