Եւրոպական Միութիւնը (ԵՄ)՝ Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու նոր յատուկ ներկայացուցիչ նշանակած է Մակտալենա Ֆրիխովա Կրոնօն։ Ան կը փոխարինէ Թոյվօ Քլաարը, որու 6-ամեայ պաշտօնավարման շրջանը կ՚աւարտի Օգոստոս 31-ին:
Տիկին Կրոնօ պիտի շարունակէ իր նախորդներուն աշխատանքը՝ նպաստելով տարածաշրջանին մէջ ԵՄ-ի արտաքին քաղաքականութեան նպատակներու իրագործման։ Ան պիտի օժանդակէ նաեւ հակամարտութիւններու խաղաղ լուծման, ներառեալ՝ Վրաստանի ճգնաժամը եւ Հայաստանի ու Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը՝ ՄԱԿ-ի եւ ԵԱՀԿ-ի հետ սերտ համակարգումով։
Իսկ Թոյվօ Քլաար նշանակուած է Ուզպեքիստանի մէջ ԵՄ-ի դեսպան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։