Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) անդամ երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարները Պրիւսէլի մէջ կայացած հանդիպումին հաւանութիւն տուած են Հայաստանի մէջ տեղակայուած ԵՄ-ի քաղաքացիական դիտորդական առաքելութեան կազմը ընդլայնելու գաղափարին։ Այս
կապակցութեամբ ԵՄ-ի Արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերու բարձր յանձնակատար Խոսէփ Պորէլ յայտարարած է, թէ նախարարները որոշում կայացուցած են Հայաստանի սահմանային շրջաններու մէջ աւելցնելու դիտորդներու եւ հսկողներու թիւը։ «Ի մօտոյ պիտի քննարկենք նաեւ Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամի շրջանակին մէջ Հայաստանին աջակցելու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի համար մուտքի արտօնագրի (վիզա) ազատականացման առնչուող հարցերը»,– ըսած է յանձնակատարը։
Անդրադառնալով տարածաշրջանային կայունութեան նիւթին՝ եւրոպացի դիւանագէտը ընդգծած է, թէ «պէտք է շատ զգօն ըլլանք Հայաստանի մէջ կացութիւնը ապակայունացնելու որեւէ փորձի դէմ»։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։