Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) խորհուրդը որոշում կայացուցած է ընդլայնելու Հայաստանի մէջ իր քաղաքացիական դիտորդական առաքելութեան կազմը։ Լուրը կը հաղորդէ Հայաստանի մէջ ԵՄ-ի դիտորդական առաքելութեան մամլոյ ծառայութիւնը։
«Մենք կ՚ողջունենք Հայաստանի մէջ քաղաքացիական դիտորդական առաքելութեան կազմը ընդլայնելու ԵՄ-ի Խորհուրդի որոշումը: Առաքելութեան անձնակազմի յաւելումը կ՚ընդգծէ ԵՄ-ի յանձնառութիւնը՝ տարածաշրջանի խաղաղութեան ու անվտանգութեան հոլովոյթին»,– նշուած է Ծառայութեան X-ի էջի գրառման մէջ։
ԵՄ-ի կայքին վրայ հրապարակուած որոշումին մէջ մատնանշուած է, որ 2023 Յունուար 23-էն մինչեւ 2025 Փետրուար 19 ինկած ժամանակաշրջանին առաքելութեան առնչուող ծախսերը հոգալու համար նախատեսուած հիմնական գումարը կը կազմէ 39 միլիոն 35 հազար եւրօ։
Յիշեցնենք, որ 2023 Դեկտեմբերին ԵՄ-ի Արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերու բարձր յանձնակատար Խոսէփ Պորէլ յայտարարած էր, որ ԵՄ-ը Հայաստանի մէջ իր քաղաքացիական դիտորդական առաքելութեան կազմին թիւը 138-էն պիտի բարձրացնէ 209-ի։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։