Search
Close this search box.

ԵՄ-ի մէջ դեսպան Տիգրան Բալայեան. «Մենք այժմ կը գտնուինք Ազերպայճանի՝ Հայաստան ներխուժման անմիջական սպառնալիքի տակ»

ԵՄ-ի մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Բալայեան Brussels Signal-ին տուած հարցազրոյցին յայտարարած է, որ իր երկիրը  Ազերպայճանի կողմէ ներխուժման սպառնալիքի տակ է։

“Կ՚ենթադրեմ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի բռնագրաւումէն ետք, Ազերպայճան այս անգամ պիտի յարձակի Հայաստանի վրայ։ Իսկ միջազգային իրաւունքը յարգելու Պաքուի խոստումները կեղծ ու անհեթեթ են։ Պատճառն ալ այն է, որ Ալիեւ իր ծաւալապաշտական ծրագրերուն համար ցարդ ո՛չ մէկ արգելքի հանդիպած է”,– նշած է Բալայեան։

Դեսպանին կարծիքով Եւրոպական Միութիւնը (ԵՄ) պէտք է Ալիեւին պայմանաժամ ճշդէ Հայաստանի սահմանամերձ շրջանէն իր բանակը ետ քաշելու համար։ ԵՄ-ը նաեւ պէտք է կասեցնէ Ազերպայճանի՝ ԵՄ-ի հետ առանց վիզայի մուտքի համաձայնագիրը, եթէ ան չհնազանդի։