ԵՄ-ի յատուկ ներկայացուցիչը Պաքու եւ Երեւան պիտի այցելէ

Հարաւային Կովկասի հարցերու ԵՄ-ի յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար շուտով պիտի այցելէ Ազերպայճան եւ Հայաստան՝ երկու երկիրներու իշխանութիւններու հետ քննարկելու Մայիս 22-ին Պրիւսէլի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու գործադրման ընթացքը։

Հարցը մասնաւորաբար կը վերաբերի հայ-ազերպայճանական սահմանազատման, խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստման, կողմերու միջեւ վստահութեան ամրապնդման, տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման եւ այլն։

Խմբագրական