Եւրոպական խորհրդարանը Նոյեմբեր 28-ին ընդունած է բանաձեւ մը, որ կը դատապարտէ Վրաստանի մէջ Հոկտեմբեր 26-ին տեղի ունեցած երեսփոխանական ընտրութիւնները, որոնք ըստ Խորհրդարանին՝ «ո՛չ ազատ էին, ո՛չ արդար, ինչ որ կը հանդիսանայ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածու այդ երկրին մէջ ժողովրդավարութեան շարունակական անկման նոր դրսեւորում մը» եւ «ատոր ամբողջական պատասխանատւութիւնը կը կրէ իշխանութեան “Վրացական երազանք” կուսակցութիւնը»։
Եւրոպացի երեսփոխանները դատապարտած են բազմաթիւ լուրջ խախտումներ, նշելով՝ ընտրողներու ահաբեկման, քուէներու ձեռնավարման (manipulation), ընտրութեանց դէտերու եւ լրատու միջոցներու միջամտութեան փաստագրուած պարագաներ, ինչպէս նաեւ ելեկտրոնային քուէարկութեան գործիքներու առնչուող ձեռնավարումներու մասին հաղորդումներ: «Երկրի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի հրապարակած արդիւնքները վրացի ժողովուրդի կամքին վստահելի ներկայացումը չեն»,– աւելացուցած են անոնք։
Հետեւաբար, Եւրոպական խորհրդարանը կը մերժէ նշեալ ընտրութիւններու արդիւնքներու որեւէ ճանաչում եւ կը պահանջէ նոր ընտրութիւններ մէկ տարուան ընթացքին՝ միջազգային խիստ հսկողութեան ներքեւ եւ անկախ ընտրական վարչակազմով։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։