Search
Close this search box.

«Եռաբլուր» պանթէոնին մէջ տեղադրուած են Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնոյ գիւղէն փոխադրուած ժամանակակից խաչքարը եւ յուշատախտակները

Դեկտեմբեր 23-ին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ տեղադրուած են Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնոյ գյուղէն փոխադրուած ժամանակակից խաչքարը եւ յուշատախտակները։ Լուրը կը հաղորդէ Monument Watch-ը:

Նշենք, թէ յուշարձանները տարհանուած են 2022 Օգոստոսին, երբ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, որ Աղաւնոյ գիւղի մօտէն անցնող Գորիս-Ստեփանակերտ ճանապարհի երթուղիի փոփոխութենէն ետք, Բերձոր քաղաքն ու յարակից Աղաւնոյ եւ Ներքին Սուս գիւղերը պիտի անցնին ազերպայճանական զինուած ուժերու վերահսկողութեան տակ։

Ժամանակակից խաչքարը կը գտնուէր Աղաւնոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ կողքին: Եկեղեցւոյ կից կը գտնուէր նաեւ յարակից տարածքներու ինքնապաշտպանութեան եւ ազատագրութեան համար մղուած մարտերուն նահատակուած ազատամարտիկներու յիշատակին նուիրուած յուշահամալիրը, կազմուած չորս քարէ սալիկներէ, որոնց վերին հատուածին վրայ գրուած է «Նրանք յաւերժ մեզ հետ են», իսկ վարի բաժնին փորագրուած են նահատակուած ազատամարտիկներու անունները: