Search
Close this search box.

«Եռապառակտում»-էն՝ նոր Սահմանադրութիւն

Այն օրէն երբ Հայաստանի իշխանութիւնները որոշեցին միջազգային ճնշման եւ պատերազմին պարտութենէն ետք ուժի սպառնալիքի ներքոյ՝ Արցախի հանդէպ իրենց պահանջներու նշաձողը իջեցնել, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը պէտք էր աւելի սերտացնէր իր փոխյարաբերութիւնները, փոխանակ իրարու հետ գժտուելու, Հայութեան համար վնասը նուազագոյնի իջեցնելու համար։

Մինչ 18-19 Յունուարին, Արամ Ա. կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ Անթիլիասի մէջ «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ը Սփիւռքէն եւ Հայաստանէն հրաւիրուած մասնագէտներով կը գումարէր «Հայկական աշխարհը եւ տարածաշրջանային իրադարձութիւնները» համաժողովը, քննարկումներու թիրախ դարձնելով Արցախահայութեան իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Յունուար 18-ին, Արդարութեան նախարարութեան տարեկան հաշուետւութեան առիթով նախարարութիւն այցելութեան առթիւ, արծարծեց Հայաստանի նոր Սահմանադրութիւն պատրաստելու հրամայականը, որ քննարկումներու եւ հարցադրումներու լայն դաշտ մը բացաւ քաղաքական ու մասնագիտական շրջանակներու մէջ։

Այս երկու իրադարձութիւնները զուգահեռաբար Հայաստան-Սփիւռք զիրար ժխտող պատկեր մը կ՚ուրուագծեն. առաջինը կ՚արծարծէ համազգային ցաւոտ հարց մը՝ Արցախի կորուստի հետեւանքները եւ լուծումներ, զորս կ՚առաջարկէ Սփիւռքի կարեւորագոյն հաստատութիւններէն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպած համագումարը։ Իսկ երկրորդը՝ կը վերաբերի այն մարտահրաւէրներուն, զորս կը դիմագրաւէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։

Կարեւոր է ընդգծել, որ Արամ Ա. կաթողիկոս 2024-ը հռչակած է մարդուժի պատրաստութեան տարի, նախորդ երկու տարիները Սփիւռքի տարիներ հռչակած ըլլալով։ Ի՞նչն է որ կը մղէ Կաթողիկոսութիւնը, Սփիւռքի, յատկապէս Միջին Արեւելքի Հայութեան ներկայի տագնապալի պայմաններուն ներքոյ՝ կազմակերպելու համագումար մը, որուն գլխաւոր մտասեւեռումը եղած է Արցախահայութեան տագնապը, երբ Արցախի եւ Հայաստանի իշխանութիւնները այս տագնապին լուծումներ որոնելու գործին գլխաւոր պատասխանատուներն են. երկու հանրապետութիւններ, պետական կառոյցներու տէր, նաեւ՝ խորհրդարանական կուսակցութիւններու, որոնց գործն է քաղաքական լուծումներ որոնել, մասնագիտական հարցեր քննարկել, միջազգային կառոյցներու մէջ հարցեր բարձրացնել։ Ինչո՞ւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ստանձնէ քաղաքական պարտաւորութիւն մը, որու նկատմամբ կը թերանան իրմէ աւելի իրաւասու պետական կառոյցներ։ Այս անհեթեթ երեւոյթը շատ խորին, աղէտալի տագնապի մը հետեւանք է։ Կը մատնէ իրարու հետ անհաղորդ համազգային հաստատութիւններու 

իրավիճակը։ Ինչ որ անցեալին «Եռամիասնութիւն» անուան տակ կը գործէր, այսօր դարձած է՝ «եռապառակտում»։ Սփիւռքը իր հարցերը մոռցած կ՚ուզէ զբաղիլ Արցախով, երբ անդին Արցախի իշխանութիւնները մերժելով Հայաստանի իշխանութիւններու հետ գործակցութիւնը, կ՚որոշեն արտախորհրդարանական նախագահական ընտրութիւններ, որուն աւարտը կ՚ըլլայ Արցախի հայաթափում…

Ինչ կը վերաբերի վարչապետին, նոր Սահմանադրութեան անհրաժեշտութեան մասին խօսելով, ան ընդգծած է կարեւորութիւնը հետեւեալ հարցադրումին՝ «մենք ապրում ենք մի աշխարհում, որը շատ մեծ արագութեամբ եւ անկանխատեսելի ուղղութիւններով փոխւում է, եւ շատ կարեւոր է, ի վերջոյ, պատասխանել հետեւեալ հարցին՝ իսկ ո՞րն է Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան ապահովման մեր տեսլականը եւ բանաձեւը»։ Այս կէտին շուրջ վարչապետը առաջնահերթ նկատած է. «ՀՀ անվտանգութիւնն ապահովելու անկիւնաքարը լեգիտիմութիւնն է (այսինքն՝ օրինականութիւնը)… մենք խնդիր ենք դնում, որ ՀՀ-ն իր միջազգայնօրէն ճանաչուած տարածքում կայանայ, զարգանայ՝ որպէս իրաւական, ժողովրդավարական պետութիւն»։

Հայաստանի անվտանգութիւնը վտանգի տակ է 2020-ի պատերազմէն ի վեր. ինչպէ՞ս դիմագրաւել այս գլխաւոր մարտահրաւէրը, որուն ածանցուած են միւս մարտահրաւէրները, յատկապէս՝ Արցախինը։ Իսկ Հայաստանի իշխանութիւնը կ՚ընտրուի ժողովուրդին կողմէ, անկախ մեր նախասիրութիւններէն եւ համոզումներէն. պէտք է ընդունիլ այս տարրական ճշմարտութիւնը եւ յառաջ ընթանալ։

Ժ.Չ. ■