«Ես տուն ու հայրենիք չունեմ վաճառելու»

 

Աղաւնոյ գիւղի բնակիչ մը իր ձեռքով հրկիզած է սեփական տունը

Աղաւնոյի բնակիչ մը, արձագանգելով Արցախի Հանրապետութեան Տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարար Հայկ Խանումեանի խօսքերուն, թէ՝ «իրենց տուներուն վնաս հասցուցած Աղաւնոյի բնակիչները հատուցում պիտի չստանան», յայտնած է, որ ինք պատերազմին կորսնցուցած է հօրեղբօրը եւ ընկերները,  եւ իր տունն ու իր կորուստները ո՛չ մէկը կրնայ հատուցել:

Ան աւելցուցած է, թէ չի կրնար թոյլ տալ, որ իր եղբայրները սպանած Թուրքը բնակի իր տան մէջ, իսկ ինք տեսնէ Եռաբլուրը եւ հաշմանդամ տղաքը: “Եթէ դրա համար ուզում են զրկեն փոխհատուցումից, թող զրկեն, բայց համոզուած եմ, որ կը գտնուեն Հայեր, որոնք ինձ եւ եղբօրս կ՚օգնեն բնակարանի հարցում”,– պոռթկացած է բնակիչը:

Ապա, Աղաւնոյի խնդրոյ առարկայ բնակիչը իր եղբօր հետ հրկիզած է իր սեփական տունը, յայտնելով որ՝ տուն եւ հայրենիք չունի վաճառելու:

Խմբագրական