Գրեց՝ ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Մեծ Եղեռնէն աւելի քան դար մը ետք, այսօր, աշխարհացրիւ սփիւռքահայերու երրորդ ու չորրորդ սերունդները քանի՞ ճակատի վրայ պարտին պայքար մղել՝ հայ մնալու կամ հայապահպանման դրօշը գետին չձգելու համար։ Անկախ՝ իրենց քաղաքացիի եւ մարդու անհատական առօրեայ պատասխանատւութիւններէն, երազներէն ու տաղտուկներէն, եթէ հայկական արիւն կը շրջի իրենց երակներուն մէջ՝ անոնք պիտի պայքարին ինքնութեան պահպանումի համար, պիտի պայքարին մայրենի լեզուի իւրացումին համար, պիտի պայքարին մեր մշակութային արժէքներով սնանելու համար, պիտի պայքարին կորսուած Արեւմտահայաստանի յուշը,– որ արդէն պղտորած է լայն չափով,– արծարծ պահելու համար…։ Տակաւին, պիտի պայքարին եկեղեցիին, դպրոցին, ակումբին, հայատառ թերթին ու արեւմտահայերէն գիր-գրականութեան սատարելու համար։ Դեռ ճիգ պիտի վատնեն օրն ի բուն՝ իրենց յետնորդնե՛րն ալ բերել դնելու համար պայքարի նոյն գիծին վրայ, որպէսզի եղէգները չխոնարհին…։
Նկատելի է սակայն, թէ քանի կը սահին տարիները՝ ազգային պայքարի ճակատները կը բազմանան, ու նոյն համեմատութեամբ ալ՝ կը նուազին այդ պայքարը յաջողապէս յառաջ մղելու ազդու լծակները, զէնքերը։ Հոսկէ ալ՝ կը ծագին սփիւռքահայերու իրերայաջորդ հիասթափութիւնները, ընկրկումները, նահանջի երեւոյթները։
Է՜ր երբեմն, մայրենի լեզուին իւրացումը անհրաժարելի առաջնահերթութիւն մը կը նկատուէր սփիւռքահայ լայն զանգուածներու համար։ Այսօր, լեզուի հարցը մղուած է «յետին պլան», որովհետեւ կը պնդուի, թէ կարեւորը նորահաս սերունդին ոգի՜ն փրկելն է՝ որպէսզի կարենայ ինքզինք հայ զգալ…։
Յետեղեռնեան հայ սփիւռքի ընթացիկ երկրորդ դարաշրջանը (2020-2120), անկասկա՛ծ, շատ բարիքներ չի խոստանար մեզի։ Նուաճումներու հեռանկար մը չի գծեր մեր առջեւ…։ Ընդհակառակն։
* * *
Ակնարկեցինք լեզուի իւրացումին։
Մե՛նք ալ մաս կը կազմենք անոնց՝ որոնք կը հաւատան սփիւռքահայ դպրոցի առաքելութեան։ Դպրոցը միակ վայրն է, ուր կրնայ խմորուիլ, մշակուիլ ու կոփուիլ վաղուան հայախօս կամ հայագիր հայը, առաւել կամ նուազ յաջողութեամբ։ Եթէ մեր զաւակները հայերէնը սահուն պիտի կարդան ու զայն ճիշդ պիտի գրեն՝ դպրո՛ցն է ատոր աւազանը։
Սակայն տխուր է հաստատել, որ սփիւռքի մեր դպրոցներուն վսեմ առաքելութիւնը, տեղ-տեղ, կարծէք կը կացինահարուի նորանոր դժուարութիւններով կամ խանգարիչ ազդակներով։ Երեւոյթը ընդվզեցուցիչ կը դառնայ մա՛նաւանդ՝ երբ կը տեսնենք որ այդ կացինը… մեզի կը պատկանի։ Թշնամի չկայ հոս։ Մե՛նք ենք մեր թշնամին։
Ահա՛ մեզ հալածող, մեզ խանգարող պատուհաս մը՝ հայաստանեան ուղղագրութիւնը, որ ծանօթ է «աբեղեանական գրելաձեւ» անունով։ Շրջանէ մը ի վեր անիկա արագասոյր կ՚արշաւէ դէպի սփիւռքի մեծ ու փոքր ոստանները ու կը յաջողի բերդեր գրաւել ու հետեւորդներ ունենալ։
Մեր մեղադրանքը Հայաստանի ու հայրենաբնակ հայութեան չ՚երթար։ Հոն, 1922-էն ի վեր, կը կիրարկուի սովետական պետական որոշումով որդեգրուած խորթ ուղղագրութիւն մը, որ Խորհ. Հայաստանի եօթանասուն տարիներուն ու անկէ ետք, առ այսօր, հարազատ զաւկի նման իւրացուած է մեծով-պզտիկով ու ո՛չ ոք դժգոհ է անկէ։ Ողբացեալ Ռաֆայէլ Իշխանեաններու կամ Լեւոն Միրիջանեաններու հակոտնեայ տեսակէտը, 90-ականներուն, մնաց գրեթէ անարձագանգ։ Անկախ Հայաստան յամառօրէն կառչեցաւ իր «նոր» ուղղագրութեան ու չվերադարձաւ դասական գրելաձեւին, եւ այդպէսով՝ փակեց դռները իր ժողովուրդին միւս կէսին հետ գրական ու մշակութային միաձուլում մը, միասնութիւն մը իրականացնելու առաջադրանքին դիմաց. մինչ անդին՝ Ազերպայճան առանց վարանումի հրաժարեցաւ սովետական շրջանին իրեն պարտադրուած կիւրեղեան այբուբենէն ու որդեգրեց լատինական տառերը՝ քայլ մը եւս մերձենալով իր մեծ եղբօր՝ Թուրքիոյ…։
Մեր խօսքը կը վերաբերի սփիւռքին։ Որովհետեւ, սա վերջին 10-15 տարիներուն աբեղեանական ուղղագրութիւնը մեծահոգաբար կը հիւրընկալուի սփիւռքահայ որոշ գաղութներու կողմէ ու տուն-տեղ կ՚ըլլայ մեր աւանդական բերդերուն մէջ՝ եկեղեցի, թերթ, ակումբներ…։ Սփիւռքահայերս սկսած ենք կամաց-կամաց գիրկ բանալ աբեղեանական ուղղագրութեան ու զայն գործածել մեր ամէնէն պաշտօնական գրագրութիւններուն մէջ անգամ։ Առանց վարանելու, առանց խպնելու։
Այս հարցով՝ կը գտնուինք չափազանց վտանգաւոր զառիթափի մը վրայ։ Ամէն օր քայլ մը ետ կ՚երթանք։ Ամէն օր կը նահանջենք «բանիւ եւ գործով, կամայ եւ ակամայ»։
Միշտ կը մտածէինք, թէ Մեսրոպեան դասական ուղղագրութեան գլխաւոր պահապանը եկեղեցին է, Հայ եկեղեցին։ Գո՛նէ սփիւռքի մէջ։
Բա՜յց… երեւոյթները տարբեր բան կ՚ըսեն։
Ահա՛ գունազարդ ծանուցում մը, որ կու գայ Լոս Անճըլըսէն։ Մօտալուտ Վերափոխման տօնի եւ խաղողօրհնէքի արարողութեան ծանուցում մըն է։ Ծանուցողն ալ Հայց. եկեղեցւոյ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմն է (էջմիածնական հատուածը)։ Այսինքն՝ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ԿԱՌՈՅՑ ՄԸ։
Կարդացէ՛ք ուշադիր։ Ծանուցումը ծայրէ ի ծայր շարադրուած է աբեղեանական ուղղագրութեամբ…։
Այսպիսի ծանուցում մը պատրաստողները դէպի ո՞ւր կ՚առաջնորդեն մեզ…։ Չե՞ն անդրադառնար, թէ այս արարքով որքան վտանգաւոր նախընթաց մը կը ստեղծեն։
Լոս Անճըլըսի նման հայահոծ գաղութի մը սրտին վրայ՝ Ազգ. առաջնորդարան մը ինչպէ՞ս կը համարձակի ամենայն պաղարիւնութեամբ այսպիսի ծանուցում մը շարադրել, տպել ու տարածել։ Թեմական խորհուրդ, թեմակալ առաջնորդ ու եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւն համամի՞տ են այսպիսի ինքնաուրացումի մը։ Ի վերջոյ, բոլորս ալ, սփիւռքի մէջ, արեւմտահայ ժառանգութեան կրողներն ենք, գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար։ Եւ մեր այդ տրորուած, ողջակիզուած, արմատէն պոկուած ժառանգութեան ամէնէն սրբազան աւանդը ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆՆ Է եւ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԴԱՍԱԿԱՆ ՈՒՂՂԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ։
Արեւմտեան թեմի Ազգ. առաջնորդարանը ի՛նք եւս պահապաններէն մին է այդ ժառանգին՝ հեռաւոր Գալիֆորնիոյ տարածքին։ Այդ նոյն թեմը ամէնօրեայ հայկական դպրոց ալ հիմնած է այնտեղ («Ալֆրէտ եւ Մարգրիտ Յովսէփեան վարժարան», Փասատինա), ուր հայերէնաւանդ նուիրեալ ուսուցիչներ շունչ կը վատնեն՝ պուտ մը ուղղագրութիւն սորվեցնելու համար իրենց խնամքին յանձնուած հայածին աշակերտներուն։
Անոնց աշխատանքը ի դերեւ ելած չ՚ըլլա՞ր՝ երբ այսպիսի ծանուցումներ կը հրապարակուին ու կը տարածուին։
* * *
Գիտեմ, թէ ոմանք շարան մը պատճառաբանութիւններ կրնան դնել մեր դիմաց՝ իբրեւ չքմեղանք նմանօրինակ ձախաւեր արարքներու։ Ամէնէն առաջ կրնայ ըսուիլ, թէ Գալիֆորնիոյ շրջանին մէջ մեծ թիւ կը կազմեն արտագաղթած հայաստանցիները, որոնց համար միշտ ալ նախընտրելի պիտի ըլլայ եկեղեցական կամ այլ ծանուցումներ կարդալ հայաստանեան գրելաձեւով։ Ո՛չ։ Գալիֆորնիոյ թեմը իր աւանդական սկզբունքներէն զիջելու պէտք չունի՝ ինչ կը վերաբերի արեւմտահայերէնի գործածութեան, որովհետեւ կարելի չէ երեւակայել, որ հայաստանցի հայորդի մը ՉԿԱՐԵՆԱՅ ԿԱՐԴԱԼ արեւմտահայերէնով ու դասական ուղղագրութեամբ գրուած 5-6 տողնոց ծանուցում մը։
Հարցին նայինք հակառակ կողմէն ալ։ Հայաստան բազմաթիւ դեսպանատուներ կամ հիւպատոսարաններ կը պահէ արտասահմանի մէջ՝ վայելելով տեղւոյն հայ գաղութներուն աջակցութիւնն ալ։ Օր մը տեսա՞ծ էք, որ անոնք պաշտօնական գիր մը կամ ծանուցում մը հրապարակեն Մեսրոպեան ուղղագրութեամբ։ Ո՛չ։ Անոնք մազաչափ մ՚անգամ չեն շեղիր իրենց ուղղագրութենէն։
Իսկ մե՞նք։ Մերկանալու եւ անձնատուր ըլլալու պատրաստ ենք ամէն առիթով։
Դժբախտաբար, արեւմտահայերէնի ու դասական ուղղագրութեան նկատմամբ ցուցաբերուած այս պախարակելի ձեռնթափութիւնը միայն Լոս Անճըլըսով չի սահմանափակուիր։ Նոյնանման պարագաներ հետզհետէ իրենց գլուխը կը ցցեն քիչ մը ամէն տեղ, Պրազիլէն մինչեւ Ֆրանսա, յա՛տկապէս եկեղեցական-թեմական շրջանակներու մէջ, մա՛նաւանդ՝ երբ թեմակալ հոգեւոր առաջնորդներն ու ծառայութեան կոչուած քահանաները կու գան Հայաստանէն։
Ճիշդ է, որ սփիւռք հասած հայրենի մեր հոգեւորականները մէկ օրէն միւսը պիտի չկարենան փոխել իրենց ուղղագրութիւնը (կը շեշտենք ուղղագրութի՛ւնը, որովհետեւ այստեղ բնաւ խնդրոյ առարկայ չէ արեւելահայերէնը, զոր իրենց չափ մե՛նք ալ կը սիրենք)։ Սակայն կ՚ակնկալուի, որ իրենք ալ նկատի առնեն սփիւռքի զգայնութիւնները, գուրգուրանք ցուցաբերեն նկուն վիճակի մատնուած արեւմտահայերէնին նկատմամբ ու ամէն առիթով վե՛ր բռնեն զայն։
Այստեղ, կ՚արժէ ոգեկոչել յիշատակը մեր եկեղեցւոյ մեծ հայրապետին՝ Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. կաթողիկոսին, որ 1955-ին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի գահը բարձրանալէ ետք, հակառակ սովետական խիստ օրէնքներուն ու պետական պարտադրանքներու, գէթ սփիւռքի ուղղեալ իր կոնդակներն ու հայրապետական գիրերը խղճմտօրէն կը շարադրէր ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՈՒՂՂԱԳՐՈՒԹԵԱՄԲ։ Վեհափառը, մինչեւ իր վերջին շունչը, իր ստորագրութիւնը եւս պահեց դասական ուղղագրութեամբ («Վազգէն Ա.», այլ ո՛չ թէ… ՎազգԵն Ա.)։
* * *
Վերադառնալով Լոս Անճըլըսի անընդունելի ծանուցումին, կը սիրենք հաւատալ, որ անիկա անբախտ սայթաքում մըն է միայն ու ա՛լ չի կրկնուիր։ Որովհետեւ կրկնուելու պարագային, պէտք է մտածել այլեւս՝ թէ սփիւռքը ինք իր ձեռքով գրած է իր մահավճիռը։
Լ.Շ.
sharoyanlevon@gmail.com
Հալէպ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։