Search
Close this search box.

Երբ Թուրքը Ծիծեռնակաբերդ այց մը դատապարտելու համար՝ կը վկայակոչէ Ցեղասպանութեան կանխարգիլման եւ պատժումին մասին համաձայնագիրը

ՄԱԿ-ի Ընդհ. համաժողովի նախագահին՝ Ծիծեռնակաբերդ այցելութեան առթիւ

ՄԱԿ-ի ԸՆդհանուր համաժողովի 76-րդ նստաշրջանի նախագահ, Մալտիւներու Արտաքին գործոց նախարար Ապտուլլա Շահիտի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Յուլիս 27-ին այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր՝ Հայաստանի հանրապետութեան Արտաքին գործոց փոխնախարար Վահէ Գէորգեանի, ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Մհեր Մարգարեանի ուղեկցութեամբ:

Հիւրերը դիմաւորած է Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան եւ ներկայացուցած՝ Ծիծեռնակաբերդի տարածքին տեղադրուած երեք խաչքարերու պատմութիւնը, որոնք նուիրուած են անցեալ դարավերջին Ազերպայճանի հայ բնակչութեան նկատմամբ իրագործուած ցեղային զտումներու ընթացքին զոհուած հայորդիներու յիշատակին:

Ապտուլլա Շահիտ ծաղկեպսակ զետեղած է անմար կրակին առջեւ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած՝ մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակը:

Այնուհետեւ պատուիրակութեան անդամները շրջած են Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ եւ ծանօթացած՝ մնայուն եւ ժամանակաւոր ցուցադրութիւններուն, որմէ ետք Ապտուլլա Շահիտ իր տպաւորութիւնները արձանագրած է պատուոյ հիւրերու յուշամատեանի էջին վրայ։

Երբ Թուրքը կը  դատապարտէ Ծիծեռնակաբերդ այց մը՝ վկայակոչելով   Ցեղասպանութեան կանխարգիլման եւ պատժումին մասին համաձայնագիրը

ՄԱԿ-ի դիւանագէտը Ծիծեռնակաբերդ այցելութեան մասին «Թուիթըր»-ի իր հաշիւին գրառում կատարած է եւ տեղադրած՝ լուսանկարներ։ Սակայն զանոնք անմիջապէս ջնջած է իր էջէն…։

Շահիտ այս քայլին դիմած է վստահաբար տեղի տալով թրքական կողմին արձակած վլվլուկին։ Արդարեւ, Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կայծակնային արագութեամբ հակազդած է այս այցին, յայտարարելով որ՝ ՄԱԿ-ի ոեւէ ներկայացուցիչ պարտի ըլլալ «արդար ու անաչառ եւ պէտք չէ տարուի միակողմանի պնդումներով»։

Անգարա այս առթիւ հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ դատապարտած է Շահիտի Հայաստան այցելութիւնը ընդհանրապէս, պատճառաբանելով որ՝ այդ այցը «կը շահագործուի հայկական վարկածներուն գործիք դարձնելու միտումով»։ Ապա կ՚ըսուի. «Յայտնի դարձած է, որ այս համածիրին մէջ Շահիտ այցելած է կարծեցեալ ցեղասպանութեան յուշահամալիր։ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր համաժողովի նախագահութեան նման՝ արդարութիւն եւ անաչառութիւն պահանջող պաշտօն մը ստանձնած անհատէն կ՚ակնկալուէր որ՝ վարուէր աւելի զգուշ եւ պատասխանատու։ ՄԱԿ-ի լիազօր կառոյցները ներկայացնողները պէտք է որդեգրեն ՄԱԿ-ի յատկապէս 1948 թուակիր “Ցեղասպանութեան    կանխարգիլման եւ պատժումին մասին համաձայնագիր»-ին եւ ՄԱԿ-ի ընդունած միջազգային օրէնքի չափանիշերուն եւ կանոններուն յարիր վարք։ Պատմական ընկալումներուն եւ միջազգային օրէնքին քաղաքական ձեռնավարութիւններով կեղծումի փորձերը կը քննադատենք ու կը մերժենք»։

Որքան ալ անհաւատալի եւ անհեթեթ թուի՝ Թուրքերը յանդգնած են Ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելութիւն մը դատապարտել “Ցեղասպանութեան    կանխարգիլման եւ պատժումին մասին համաձայնագիր»-ի վկայակոչումով։ Կը կարծենք թէ՝ երեւոյթը չի կարօտիր որեւէ մեկնաբանութեան։

* * *

Ինչպէս միշտ՝ նման այլ պարագաներու, այս անգամ եւս երեւոյթը չէ վրիպած «Ֆիկառօ-Մակազին»-ի փոխխմբագրապետ Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոնի արծուային հայեացքէն։

Ան, յաջորդական երկու թուիթով կ՚անդրադառնայ հարցին։ Առաջինին մէջ կը գրէ.-

«Այսպէս ուրեմն, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր համաժողովի նախագահը կը ջնջէ իր թուիթը Թուրքիոյ ճնշումին տակ, որ զինք կը մեղադրէ Երեւանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելելուն համար, եւ ո՞չ մէկ գերատեսչութիւն կը զարմանայ, կ՚անհանգստանայ կամ կը գայթակղի։ Կարծէք, իրաւունք տրուէր ժխտողականներուն»։

Իսկ երկրորդին մէջ կ՚ըսէ.-

«Ահաւասիկ թուիթը, զոր ՄԱԿ-ի Ընդհանուր համաժողովի նախագահը ողորմելիօրէն ջնջեց, Թուրքիոյ ճնշումին ներքեւ։ Անհամբեր կը սպասենք Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներու,– օրինակ՝ Ֆրանսայի,– դիւանագէտներու վրդովման հակազդեցութեան…»։

* * *

Նշենք, թէ նոյն օրը Շահիտ հանդիպում ունեցած է ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատրեանի եւ փոխվարչապետ Համբարձում Մաթեւոսեանի հետ։