Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Disney իր մէկ արտադրութեան մէջ տեղ կու տայ հայկական մշակոյթին։
Արդարեւ «Mickey Mouse Funhouse» շարքէն լոյս տեսած վերջին բաժինը, նուիրուած է հայկական աւանդական Վարդավառ տօնին եւ կը կրէ նոյն անունը՝ «Վարդավառ»։ Բացի հայկական մշակոյթի ներկայացումէն, հոն որոշ պահեր նաեւ հայերէն կը խօսուի, որոշ պատկեր մը կը տրուի Հայաստանէն։
Այս բաժնին հեղինակն է Քաթլին Սարնելի Քապուխճեան, որու ամուսինը հայ է։ Ան կ՚ըսէ, թէ գրած է իրենց որդւոյն համար։
«Վարդավառ»-ի հակիրճ պատմութիւնը հետեւեալն է։ Մինի՝ Սիրելիներու տօնին՝ Ս. Վալանթէնի առթիւ սխալ հագուստ հագած է։ Մինին, Միքին եւ անոնց բարեկամները կը հիւրընկալէ հայ աստուածուհի Աստղիկ, որ հանդերձաւորուած է հայկական աւանդական տարազով։ Ան իջած է իր մոգական տաճարէն եւ ջրելով Մինին, անոր կը պարգեւէ գեղեցիկ զգեստ մը, որ նոյնպէս հայկական է։ Աստղիկի երկիրը ներկայացուած է Գառնիի տաճարով, Կասկադով…։ Կայ նաեւ անխուսափելի խորովածի դրուագ մը, եւ այլն։
«Վարդավառ»-ը հասանելի է «DisneyNow.com»-ով եւ «DisneyNow» յաւելուածով։ Ի մօտոյ պիտի սփռուի նաեւ «Disney+» կայանէն։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։