Շուրջ 60 տարի առաջ, 1963-ին, Պէյրութի «Նայիրի» շաբաթաթերթի տասնամեակին առիթով, երգիծանկարիչ Մասիս Արարատեան պատրաստած է լման էջի մը ծաւալով սոյն երգիծանկարը, ուր վերաքաղը կ՚ընէ թերթին ու անոր խմբագիր Անդրանիկ Ծառուկեանի անցած ուղիին` շրջանի հայ ազգային-եկեղեցական-կուսակցական կեանքի փոթորկոտ կածաններուն վրայ…։
Բացառիկ երգիծանկար մըն է այս։ Իւրաքանչիւր «կողմ» ինչպէ՞ս կը դիտէր «Նայիրի»-ն, կամ ինչպիսի՞ զգացումներ կը տածէր անոր խմբագրին նկատմամբ…։
Պատկերուած բոլոր դէմքերն ալ իրական անձնաւորութիւններ են։ Եթէ մէկը քիչ-շատ ծանօթ է մեր մօտիկ անցեալի պատմութեան, դիւրաւ պիտի ճանչնայ զանոնք ու հասկնայ երգիծանկարիչին միտք բանին։
Գործը «պատկերազարդ պատմութիւն հայոց» մըն է, աւելի ճիշդ` սփիւռքի հայելի՛ն, ուր, ինչպէս կը սիրէր ըսել Ծառուկեան, «մեծերը չեն յաջողիր մեծ մնալ, իսկ տաղանդաւոր փոքրերուն առիթ չի տրուիր որ մեծնան…»։
* * *
Հայերէն առեւտրական այս ծանուցումները տպուած տեսայ Ծառուկեանի «Նայիրի» շաբաթաթերթին հին թիւերուն մէջ (1950-ականներ)։
Թերթը գրական-մշակութային բնոյթ ունէր, հետեւաբար` ընդհանրապէս կը խուսափէր առեւտրական ծանուցումներ ընդունելէ։ Փոխարէնը` սիրով տեղ կու տար գրական եւ հրատարակչական ձեռնարկներու ծանուցումներու (յոբելինական հանդէս, դասախօսութիւն, դպրոցներու յայտարարութիւններ, նորատիպ հատորներու ծանուցագրեր եւ այլն)։
Հոս, մասամբ խախտած է այդ սկզբունքը։ «Նայիրի» զուտ վաճառականական ազդեր տպած է։ Օրինակ, Յակոբ Կիւլոյեանի ոսկերչատան ծանուցումը։ Գիտէք, չէ՞, Կիւլոյեանը։ Գրասէր բացառիկ անձնաւորութիւն մըն էր, որ բեմերէն անգիր կ՚արտասանէր Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»-էն ընդարձակ հատուածներ։
Կայ Խանճեան եղբայրներու ծանուցումը (քար, պլաթ եւ այլն)։
Կայ Դերձակ Խաչիկի մը ծանուցումը։ Է՜հ, այդ թուականներուն դերձակութիւնը յարգի ու փնտռուած արհեստ մըն էր։
Կայ Նոր Հաճըն թաղէն հայ գրավաճառի մը ծանուցումը` «Սամի Կարօ»։ Թաղեցիները պէտք է յիշեն զինք։ Այդ օրերուն գիրքն ու ընթերցանութիւնն ալ յարգի էին ու գնահատուած…։
Ու վերջապէս` կայ հայապատկան պանդոկի մը ծանուցումը` «Օթէլ Քլարիճ»։ Եթէ կարդացեր էք Ծառուկեանի «Երազային Հալէպը» յուշագրութիւնը` պիտի գիտնաք թէ ո՛վ էր այդ պանդոկապետը ու ի՛նչպիսի ձեռներէցութեամբ կը բանեցնէր իր օթէլները` Հալէպէն մինչեւ Ալէյ ու Պէյրութ…
Ահա՛ տեսաք։ Պարզ ծանուցում մը մեզ ո՜ւր տարաւ…
Լեւոն Շառոյեանի Դիմագիրքի էջէն
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։