Search
Close this search box.

Երեսփոխան Յակոբ Ասլանեան եւս վտարուած է իշխանութեան«Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութենէն

Դեկտեմբեր 11-ին, Հայաստանի Ազգային ժողովի երեսփոխան Յակոբ Ասլանեան եւս վտարուած է «Քաղաքացիական Պայմանագիր» (ՔՊ) խմբակցութենէն։ Լուրը կը հաղորդէ «ՔՊ» խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Յովհաննիսեան, աւելցնելով, թէ ենթական «ՔՊ» կուսակցութենէն եւս վտարելու որոշումը կը կայացուի կուսակցութեան վարչութեան նիստին։ Ան իբրեւ պատճառ նշած է, թէ Ասլանեան չի փափաքիր հրաժարիլ իր երեսփոխանական լիազօրագրէն։

«ՔՊ» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնջորեանի համաձայն՝ երեսփոխանը վտարուած է «լուրջ կարգապահական խախտումներու եւ կուսակցութեան որդեգրած արժէքներու եւ քաղաքական ուղեգիծի հետ անյարիր վարքի պատճառով»։

Նշենք, թէ Յակոբ Ասլանեան յայտարարած էր, թէ կը նախընտրէ արդարութիւնը եւ յանուն իր ընկերոջ՝ երեսփոխան Յովիկ Աղազարեանի, կը դադրեցնէ իր համագործակցութիւնը «ՔՊ» խմբակցութեան հետ եւ մէկ ամիս նիստերուն պիտի չմասնակցի: Ան, սակայն, քանի մը ժամ ետք զղջացած էր եւ յայտնած թէ կը վերադառնայ խմբակցութիւն։