Աշխարհահռչակ բեմադիր Սերգեյ Փարաճանովի նշանաւոր «Նռան գոյնը» ժապաւէնը, որ բազմաթիւ խորհրդանիշերով կը պատկերէ Հայը, հայ մշակոյթը, աւանդութիւնները ու կը պատմէ Սայեաթ-Նովայի մասին, պարի իւրայատուկ լեզուով ու մտածողութեամբ Մարտ 15-ին, «Ալ. Սպենդիարեան» օփերայի եւ պալէի շքեղ դահլիճին մէջ ներկայացուած է Երեւանի հանդիսատեսին:
Հիփ-հոփի, հայկական ազգային և ժամանակակից պարերու համադրութեամբ ստեղծուած հայ եւ ֆրանսացի պարողներու ներկայացումը արժանացած է արուեստասէրներու բարձր գնահատանքին եւ երկարատեւ ծափահարութիւններուն:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։