Search
Close this search box.

Երեւանի մէջ կատարուած է Գանատայի դեսպանատան պաշտօնական բացումը

Հոկտեմբեր 25-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է Գանատայի դեսպանատան բացման պաշտօնական արարողութիւնը, Արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլիի մասնակցութեամբ։

Բացման արարողութեան ներկայ եղած է նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան։

Մելանի Ժոլի նոյն օրը այցելած է Ծիծեռնակաբերդ եւ յարգանքի տուրք մատուցած Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին։

Ան հանդիպում ունեցած է նաեւ վարչապետ Փաշինեանի հետ։