Հայաստանի մէջ Ապրիլ 24-էն ի վեր «Դիմադրութեան շարժում» ընդհանուր տիտղոսին ներքեւ տեղի կ՚ունենան ընդդիմութեան զանգուածային բողոքի ցոյցեր, որոնց կը մասնակցին Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի «Հայաստան» դաշինքի, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) եւ Արթուր Վանեցեանի «Պատիւ ունեմ» խորհրդարանական դաշինքի կողմնակիցները:
Ըստ ընդդիմութեան՝ պատճառը ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Արցախի կարգավիճակի վերաբերեալ հայկական կողմի «նշաձողի իջեցման» կարելիութեան մասին յայտարարութիւնն է։
Ցուցարարները ցերեկը կը փակեն փողոցները, մայրաքաղաքի տարբեր հատուածներուն մէջ կը կազմակերպեն անցարգիլող յանկարծակի հաւաքներ, կը շրջափակեն պետական շէնքեր, իսկ երեկոյեան՝ Երեւանի կեդրոնական փողոցներուն մէջ երթեր կը կատարեն։ Ընդդիմութիւնը Մայիս 2-էն ի վեր վրաններ լարած է Ֆրանսայի հրապարակը, ուր իրիկունները ժողովուրդը յուզող հարցերու շուրջ քննարկումներ տեղի կ՚ունենան։
Շարժումը անցեալ շաբաթ միջոց մը Հայաստանի գաւառային շրջաններ փոխադրուելէ ետք, քանի մը օր է վերադարձած է Երեւան։
Այսպէս, Մայիս 19-ի վաղ առաւօտէն Երեւանի մէջ վերսկսած էին քաղաքացիական անհնազանդութեան գործողութիւնները` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով։
Իրաց այս կացութեան մէջ, ոստիկանութիւնը կը փորձէ վերականգնել կարգ ու կանոնը, երթեւեկութիւնը։ Յաճախ կը պատահին բախումներ՝ տեղի չտալու վճռակամ ցուցարարներու եւ ապահովութեան ուժերու միջեւ, որոնք կը փորձեն հեռացնել այս կամ այն գործողութեան մասնակիցները, ցրել բազմութիւնը, կը ձեռնարկեն ձերբակալութիւններու, երբեմն բռնութիւն գործադրելով. այս մասին անդրադարձան,– ինչպէս արդէն մենք ալ արձագանգած ենք,– նոյնիսկ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ու Freedom House մարդկային իրաւանց պաշտպան միջազգային կազմակերպութիւնը, երկու կողմերուն յղուած իրենց կոչերուն մէջ։ Տասնեակներով ոստիկաններ ներկայիս կը հետաքննուին իրենց կիրարկած բռնութեան պատճառով։
Ցայսօր հսկողութեան տակ առնուած են հազարէ աւելի ցուցարարներ, անհնազանդութեան գործողութիւններու մասնակիցներ, ի շարս որոնց երեսփոխաններ, քաղաքական գործիչներ։ Անոնց մէջ էին նախկին երեսփոխաններ Նայիրա Զօհրաբեանն («Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախկին անդամ) ու Արմէն Աշոտեանը (ՀՀԿ-ական)։ Քանի մը անգամ ձերբակալուած է նաեւ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի որդին՝ Լեւոնը։ Մայիս 18-ին ոստիկանութիւնը գրաւած է շուրջ 800 կառքեր, որոնք ներգրաւուած էին նշեալ գործողութիւններու, յատկապէս երթերու մէջ։ Նոյն օրը ցուցարարները հաւաքուած են ոստիկանատան շէնքին առջեւ եւ ոստիկանապետ Վահէ Ղազարեան ընդունած է ընդդիմութեան պատուիրակները։ Հանդիպումէն ետք վերջիններս համախմբուած ժողովուրդին տեղեկացուցած են, թէ ոստիկանապետը ըսած է, որ բռնագրաւուած այդ կառքերը պիտի վերադարձուին քաղաքացիներուն։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։