Search
Close this search box.

Երեւանի մէջ սկսած է «Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողով»-ը

 

«Արմէնփրէս» – Հոկտեմբեր 28-ին Երեւանի մէջ սկսած է «Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողով»-ը: Բացման արարողութեան ներկայ եղած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, Սփիւռքի գործոց գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի համայնքային կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Համաժողովը իբրեւ նոր ձեւաչափ եւ աշխուժ հարթակ կը ծառայէ Սփիւռքի ներկայացուցիչներու եւ տեղացի գործընկերներու՝ քննարկելու համընդհանուր նշանակութիւն ունեցող մարտահրաւէրներն ու խնդիրները։

Օրակարգին վրայ ընդգրկուած են՝ ազգային անվտանգութիւնը, հայկական շահերու պաշտպանութիւնը, հայրենիքի ռազմավարական բնագաւառներու զարգացումը, հայրենադարձութիւնը, ներդրումային ներգրաւումը, հայապահպանութիւնը, Սփիւռքի ինքնակազմակերպումը եւ այլն։

Համաժողովը կ՚ունենայ շուրջ 600 մասնակիցներ 50-է աւելի երկիրներէ, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն ու Արցախէն, որոնք կը ներկայացնեն 100-է աւելի համայնքային կառոյցներ եւ կազմակերպութիւններ, գիտական, մասնագիտական, գործարար, ուսանողական, երիտասարդական շրջանակներ եւ այլն:

Համաժողովը աշխատանքային երեք օրերու ընթացքին կ՚ունենայ 8 տարբեր խումբերով տարբեր բնաբաններու շուրջ քննարկումներ, միաժամանակեայ 17 նիստեր, ազատ ձեւաչափով հանդիպում: Բանախօսութեամբ հանդէս կու գան Սփիւռքի համայնքներէն ժամանած ծանօթ սփիւռքահայեր, փորձագէտներ, համայնքային գործիչներ, գիտնականներ, ինչպէս նաեւ հայաստանեան շրջանակներու ներկայացուցիչներ: Ձեռնարկին բնաբանն է՝ «Կառուցելով մեր համատեղ ապագան»:

Ներկայացուած առաջարկները, լուծումներն ու արդիւնքները կը դառնան համահայկական օրակարգի ստեղծման եւ յառաջմղման հիմնաքարերը: Այսպէսով հայրենիքն ու Սփիւռքը միասնաբար կը նախանշեն հետագայ համատեղ աշխատանքի առաջնահերթութիւններն ու ճանապարհները:

Համաժողովը կազմակերպած է Սփիւռքի գործոց գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը. պիտի տեւէ մինչեւ Հոկտեմբեր 31: