Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենայ «Արմենիա» միջազգային երաժշտական փառատօնը՝ աշխարհահռչակ երաժիշտներու մասնակցութեամբ

Սեպտեմբեր 3-էն Հոկտեմբեր 8 Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենայ «Արմենիա» 6-րդ միջազգային երաժշտական փառատօնը։ Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբը եւ Մշակոյթի աջակցութեան եւրոպական հիմնադրամը (European foundation for support of culture – EUFSC) կրկին մէկտեղած են իրենց ուժերը՝ դասական երաժշտութեան սիրահարներուն ներկայացնելու համար մեծանուն երաժիշտներու կատարողական արուեստն ու հարուստ երկացանկը։ 

Փառատօնի կազմակերպութեան կ՚աջակցի Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարութիւնը։  

Փառատօնի յայտագիրը կ՚ընդգրկէ սիմֆոնիք եօթը համերգային երեկոյթ։ Առաջին համերգը տեղի կ՚ունենայ Սեպտեմբեր 3-ին, ուր ելոյթ կ՚ունենայ աշխարհահռչակ թաւջութակահար Կոթիէ Գափիւսոն։

Փառատօնի շրջանակին մէջ, հրաւիրուած արուեստագէտներու կողմէ տեղի կ՚ունենան նաեւ մասնագիտական վարպետութեան դասեր՝ երիտասարդ երաժիշտներու համար։

«Արմենիա»-ն պիտի հիւրընկալէ երաժիշտներու մեծ աստղաբոյլ մը՝ ջութակահարներ Ճուզեփփէ Ճիպպոնի, Սերկէյ Գռիլով, ֆլիւթահար Ճասմին Չոյ, դաշնակահար Ֆետերիքօ Գոլլի, թաւջութակահար Միշա Մայսքի։ Հայ երաժշտասէրները առիթը պիտի ունենան ունկնդրելու նաեւ աշխարհի լաւագոյն բեմերը նուաճած ջութակահար Կիլ Շահամին եւ թենոր Եոզեֆ Գալէյան։ Համերգները պիտի ղեկավարեն «Արմենիա» փառատօնի գեղարուեստական ղեկավար Սերգէյ Սմբատեանը, Տանիէլ Ռայսքինը, Ֆիննըկան Տաունի Տիրը, Հանս-Եորկ Շելլենպերկերը։

Երաժշտական այս տօնի ընթացքին Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբին կատարմամբ պիտի ներկայացուին Քորսաքովի, Չայքովսքիի, Պորոտինի, Սէն-Սանսի, Փականինիի, Տըպիւսիի, Վերտիի, Շոռի եւ այլ յօրինողներու ստեղծագործութիւններ։ Փառատօնային երկացանկին մէջ տեղ պիտի գտնեն նաեւ հայ յօրինողներու ստեղծագործութիւններ։