Search
Close this search box.

Երեւանի սրտին՝ «Շառլ Ազնաւուր» հրապարակին վրայ բացուած է «Գասպարեանի Ազնաւուրը» լուսանկարչական ցուցահանդէսը

«Ազնաւուր» հիմնադրամը կը շարունակէ Շառլ Ազնաւուրի հարիւրամեակին նուիրուած յոբելինական ձեռնարկները։

Յուլիս 9-ին Երեւանի կեդրոնը՝ «Շառլ Ազնաւուր» հրապարակին վրայ բացուած է «Գասպարեանի Ազնաւուրը» լուսանկարչական ցուցահանդէսը։ Բացման արարողութեան ելոյթ ունեցած են «Ազնաւուր» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Քրիսթինա Ազնաւուր եւ լուսանկարիչ Ռոժէ Գասպարեանի աղջիկը՝ Լիտիա Գասպարեան։

Այցելուները կը հրաւիրուին ամբողջ ամսուան մը ընթացքին բացայայտելու ցուցահանդէսը՝ վայելելով ֆրանսահայ յայտնի լուսանկարիչ Ռոժէ Գասպարեանի նկարահանած բացառիկ լուսանկարները: Հաւաքածոն կը ներառէ խորհրդանշական լուսանկարներ 1960 թուականին Ազնաւուրի «Ալհամպրա» սրահին մէջ ունեցած ծանօթ համերգէն, մտերիմ պահեր Ազնաւուրեաններու տան մէջ՝ Ֆրանսա, անոր ընտանեկան միջավայրը, մտերիմ ընկերներու հետ կիսած պահերը եւ քուլիսներու կեանքէն տեսարաններ: Գասպարեան յաջողած է այս պահերը անմահացնել իւրօրինակ կերպով՝ հազուագիւտ տեսադաշտ մը հրամցնելով Ազնաւուրի կեանքէն:

Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ Օգոստոս 9։