Կիրակի, Սեպտեմբեր 17-ին տեղի ունեցան Երեւանի քաղաքապետութեան՝ աւագանիի ընտրութիւնները, ընտրական 475 տեղամասերով։ Մայրաքաղաքի իշխանութեան համար պայքարին կը մասնակցէին 14 քաղաքական ուժեր՝ «Հանրային ձայն», «Քաղաքացիական պայմանագիր», «Արդար Հայաստան», «Յաղթանակ», «Ուժը հայրենեաց», «Հայաստանի եւրոպական», «Ազգային առաջընթաց», «Յանուն սոցիալական արդարութեան», «Հանրապետութիւն», «Միացեալ Հայաստան», «Լուսաւոր Հայաստան», «Ժողովրդավարական համախմբում», «Ապրելու երկիր» կուսակցութիւններն ու «Մայր Հայաստան» դաշինքը:
Կուսակցութիւններուն համար ընտրուելու նուազագոյն շեմը 4 տոկոս էր, դաշինքին համար՝ 6 տոկոս։
Այս ընտրութիւններուն ամէնէն կարեւոր յատկանիշը անկասկած մասնակցութեան մրցանիշային ցած տոկոսը եղած է։ Ընտրելու իրաւունք ունեցողներու նուազ քան 30%-ը (ճշգրիտ՝ 28,46%-ը), այլ խօսքով՝ 824.250 ընտրողներէն մի՛այն 234.553-ը մասնակցած է քուէարկութեան։
Սեպտեմբեր 18-ին, Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը աւարտած է ձայներու ելեկտրոնային հաշուարկը։ Բոլոր՝ 475 ընտրատեղամասերու արդիւնքներուն համաձայն,– դեռ ոչ-պաշտօնական տուեալներով,– 5 քաղաքական ուժեր՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը (ՔՊ), «Ազգային առաջընթացը», «Մայր Հայաստան» դաշինքը, «Հանրապետութիւնը» եւ «Հանրային ձայնը» մուտք կը գործեն Երեւանի քաղաքապետարան։
Մանէ Թանդիլեանի գլխաւորած «Ապրելու երկիր» կուսակցութիւնը չէ յաղթահարած 4 տոկոսի շեմը:
Ըստ սկզբնական տուեալներու՝ Երեւանի աւագանիի լիազօրագրերը կը բաշխուին հետեւեալ կերպ՝
ՔՊ՝ 24 աթոռ, «Ազգային առաջընթաց»՝ 14, «Մայր Հայաստան» դաշինք՝ 12, «Հանրապետություն»՝ 8, «Հանրային ձայն»՝ 7։
Այսպէսով քաղաքական ուժերէն ոչ մէկը 50 տոկոսէն աւելի ձայն ստացած է, հետեւաբար անհրաժեշտ է համակեցութիւն (coalition) ձեւաւորել: ՔՊ-ի եւ «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան աթոռներուն թիւը միասնաբար 32 է, իսկ դաշինք ձեւաւորելու համար (50 տոկոսէն աւելի) անհրաժեշտ է շահիլ 33 աթոռ:
Միւս երեք քաղաքական ուժերու աթոռներուն թիւը միասնաբար կը հասնի 33-ի, սակայն թէ ինչպէս կը զարգանան իրադարձութիւնները, սա պահուս դժուար է ըսել:
Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով համակեցութիւնը անհրաժեշտ պիտի ըլլայ: Նախապէս թէեւ խորհրդարանի մէջ եղած են դաշինքներ, սակայն այդ պայմանաւորուած չէ եղած իշխող ուժի քուէներու անբաւարարութեամբ, այսինքն՝ օրէնքով անհրաժեշտ չէ եղած:
Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝ ամենաշատ ձայները ստացած քաղաքական կազմաւորումները հետեւեալներն են.
– Իշխանութեան «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը (32,57%),
«Ազգային առաջընթաց» կուսակցութիւնը, որու ընտրական ցանկը կը գլխաւորէր Երեւանի նախկին քաղաքապետ Հայկ Մարութեան (18,89%),
– «Մայր Հայաստան» դաշինքը, որ կազմուած է այս ընտրութիւններուն առթիւ, 2023 Օգոստոս 9-ին, գլխաւորութեամբ՝ «Մայր Հայաստան» ժողովրդական շարժումի համակարգող Անդրանիկ Թեւանեանի, «Երկիր ծիրանի» կուսակցութեան նախագահ Զարուհի Փոստանջեանի եւ «Ինտելեկտուալ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Մանուկ Սուքիասեանի միջեւ ստորագրուած համագործակցութեան եւ դաշինք կազմելու մասին յուշագրով (15,43%),
– Նախկին վարչապետ Արամ Սարգսեանի (Վազգէն Սարգսեանի եղբայրը) գլխաւորած «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը (11,32%)
– եւ «Հանրային ձայն» կուսակցութիւնը, զոր կը գլխաւորէ Արտակ Գալստեան եւ որ ներկայիս կը գտնուի բանտը, իր կուսակցութեան կազմէն ներս մեծ ծաւալով շորթում կատարելու մեղադրանքով (9,68%):
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։