Երեւանի քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեանի Դիմագիրքի էջէն կը տեղեկանանք, թէ ան Փարիզի քաղաքապետուհի Անն Հիտալկոյի հրաւէրով մասնակցած է Գոթ տ՚Իվուառի Ապիճան քաղաքին մէջ կլիմայի հարցերուն նուիրուած՝ քաղաքապետերու միջազգային համաժողովին։
Ժողովը համախմբած է ներկայացուցիչներ աշխարհի շուրջ 400 քաղաքներէն։
Հրաչեայ Սարգսեան կ՚ընդգծէ նման ծաւալով համաժողովի մը Երեւանի մասնակցութեան կարեւորութիւնը, որ համաշխարհային հարթակներու վրայ փորձառութեան փոխանակման կարելիութիւն կ՚ընձեռէ։
Երեւանի քաղաքապետը կը նշէ, թէ Կլիմայի փոփոխութեան շուրջ Փարիզի մէջ ստորագրուած ՄԱԿ-ի պատմական համաձայնագրի շրջածիրին մէջ՝ Հայաստան այսօր ալ յանձնառու է շարունակելու իր ստանձնած պարտաւորութիւններու իրագործումը, ինչպէս նաեւ յաջողելու անցումային շրջանը՝ հասնելու համար համաժողովին կողմէ սահմանուած լուծումներուն։
«Միասնական ծրագրերու իրագործման շնորհիւ՝ պիտի կարենանք գտնել արդիւնաւէտ լուծումներ, որոնք ուղղուած պիտի ըլլան նոր մարտահրաւէրներու դիմագրաւման»,– կը գրէ Հ. Սարգսեան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։