Երեւանի քաղաքապետը Մարսիլիոյ եւ Լիոնի մէջ

 

Երեւան ու Մարսիլիա կ՚ընդլայնեն 30-ամեայ գործակցութեան շրջանակը

Երեւան-Մարսիլիա բարեկամութեան եւ համագործակցութեան համաձայնագրի 30-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն մասնակցելու նպատակով պաշտօնական այցով Մարսիլիա գտնուող Երեւանի քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեան Յոււնիս 28-ին Մարսիլիոյ հայազգի փոխքաղաքապետ Եանիք Օհաննէսեանի ուղեկցութեամբ այցելած է Պորելի հանրապարտէզը:

Կազմակերպուած հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին Երեւանի քաղաքապետը հանդէս եկած է ելոյթով: Շնորհակալութիւն յայտնելով հրաւէրին եւ Երեւան-Մարսիլիա գործակցութեան 30-ամեակի նշումին համար՝ Հրաչեայ Սարգսեան ընդգծած է, որ երկուստեք յարաբերութիւններու ամբողջ ընթացքը յատկանշուած է ֆրանքեւհայկական յարաբերութիւններու զարգացումով, թէ՛ ապակեդրոնացուած համագործակցութեան, թէ՛ տնտեսական, մշակութային, կրթական եւ թէ այլ բնագաւառներուն մէջ:

“Ինծի համար մեծ պատիւ է այս օրը ըլլալ մեր բարեկամներու կողքին ու միասին նշել մեր յաջողած համագործակցութեան 30-րդ տարեդարձը: Երկկողմ կապերու հաստատման սկզբէն ի վեր բազմաթիւ համատեղ ծրագրեր իրագործեցինք, ինչպէս նաեւ եւրոպական ծրագրերու շրջանակին մէջ՝ ի շահ մեր երկու բարեկամ քաղաքներու բնակիչներուն: Մեր բոլորին համար դժուար՝ համաճարակային եւ պատերազմական ժամանակաշրջանին, Մարսիլիա քաղաքը Երեւանի կողքին էր: Մարսիլիայն մեծածաւալ եւ խիստ անհրաժեշտ մարդասիրական բժշկական օգնութիւն ուղարկուեցաւ Երեւանի քաղաքապետարանի բժշկական հաստատութիւններուն, որու համար շնորհակալութիւն կը յայտնեմ: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ նաեւ Մարսիլիոյ քաղաքային խորհուրդի նիստին ներկայացուած Արցախի անկախութեան ճանաչման բանաձեւին համար: Բազմիցս նշուած է եւ ես կ՚ուզեմ անգամ մը եւս վերահաստատել, որ ֆրանսական քաղաքներէն Մարսիլիան առանձնայատուկ տեղ ունի իւրաքանչիւր Հայու սրտին մէջ. ան ֆրանսական առաջին քաղաքն էր, որ ընդունեց Մեծ եղեռնէն մազապուրծ մեր հայրենակիցները` անոնց համար դառնալով երկրորդ հայրենիք”,– իր ելոյթին նշած է Երեւանի քաղաքապետը:

Մարսիլիոյ փոխքաղաքապետ Եանիք Օհաննէսեան ալ իր կարգին ընդգծած է, որ Հայաստանի հետ կապերը ա՛լ աւելի ամրապնդելը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի իրենց համար, եւ համոզմում յայտնած է, որ յառաջիկայ տարիներուն գործակցութիւնը պիտի ընդգրկէ նոր ուղղութիւններ:

“Քաղաքապետին հետ մենք շատ յաճախ կ՚արծարծենք Հայաստանին եւ մասնաւորապէս Երեւանին առնչուող խնդիրներ. այդ մօտեցումն ու ընկալումը արդէն իսկ ցոյց կու տան, թէ որքա՛ն մենք հետամուտ են երկուստեք յարաբերութիւններու զարգացման եւ Երեւանը որքա՛ն մեր սրտին մէջ է: Ակնյայտ է, որ այս գործակցութիւնը պէտք է ըլլայ շատ երկարատեւ, եւ վստահ եմ, որ յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ, երբ Մարսիլիոյ քաղաքապետին հետ պիտի այցելեմ Երեւան”,– նշած է Օհաննէսեան:

Երեւանի քաղաքապետը զրուցած է նաեւ միջոցառումին ներկայ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Հրաչեայ Սարգսեան ընդգծած է, որ ֆրանքեւհայկական ներկայի բարձր մակարդակի յարաբերութիւններուն մէջ մեծ է նաեւ Ֆրանսահայութեան եւ ի մասնաւորի Մարսիլիոյ հայ համայնքին ներդրումը:

Երեւանի եւ Լիոնի քաղաքապետերը ստորագրած են փոխըմբռնման յուշագիր մը

Երեւան եւ Լիոն քաղաքներու միջեւ 1992-էն սկիզբ առնած յարաբերութիւնները գործնական նոր փուլ կը թեւակոխեն: Ֆրանքեւհայկական ապակեդրոնացուած համագործակցութեան չորրորդ համաժողովին մասնակցելու նպատակով Լիոն գտնուող Երեւանի քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեան Յունիս 29-ին հանդիպում ունեցած է իր պաշտօնակից Կրեկորի Տուսէի հետ:

Ողջունելով հիւր պատուիրակութեան անդամները՝ Լիոնի քաղաքապետը նշած է, թէ Երեւան առանձնակի նշանակութիւն ունի իրենց գործընկեր քաղաքներու կարգին: Տուսէ համոզում յայտնած է, որ համաժողովը երկու քաղաքներու գործակցութիւնը գործնական նոր փուլ փոխադրելու առումով նոր հեռանկարներ ու կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ:

“Երկու քաղաքներու միջեւ ձեւաւորուած բարեկամական յարաբերութիւնները վստահաբար, փոխշահաւէտ նոր ծրագրեր իրականացնելու առիթ պիտի հանդիսանան: Բոլոր մեծ քաղաքներու խնդիրները գրեթէ նոյնն են, եւ նախաձեռնուող բարեփոխումներու փուլին պատրաստ ենք օգտակար ըլլալու Երեւանին՝ փոխանցելով մեր փորձառութիւնը”,– նշած է Լիոնի քաղաքապետը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով հրաւէրին եւ ջերմ ընդունելութեան համար՝ Երեւանի քաղաքապետը իր կարգին ընդգծած է առարկայական ծրագրերու իրագործման եւ փորձառութեան փոխանակման կարեւորութիւնը:

“Կը կարծեմ, որ կրնանք Լիոնի հետ գործակցիլ փոխադրութեան, երթեւեկութեան կառավարման եւ քաղաքաշինութեան ոլորտներուն մէջ: Երեւան իսկապէս կը փափաքի ընդլայնել ու զարգացնել ֆրանքեւհայկական ապակեդրոնացուած համագործակցութիւնը, եւ այստեղ մենք լայն հեռանկարներ կը տեսնենք”,– ընդգծած է Երեւանի քաղաքապետը, իր պաշտօնակիցը փոխադարձ այցով Երեւան հրաւիրելով: Հրաչեայ Սարգսեան դիտել տուած է թէ այդ այցելութիւնը լաւ առիթ պիտի ըլլայ 2023-ին սկիզբ առնող եռամեայ ծրագիր մշակելու առաջարկը միասնաբար քննարկելու համար:

***

Պաշտօնական հանդիպումին, Երեւանի եւ Լիոնի քաղաքապետերուն միջեւ ստորագրուած է փոխըմբռնման յուշագիր մը: Ստորագրուած փաստաթուղթով կողմերը պարտականութիւն ստանձնած են  միատեղել ջանքերը կրթութեան բնագաւառին մէջ՝ աջակցելով Ֆրանքեւհայկական մասնագիտական ուսումնական կեդրոնի զարգացման գործին։ Մասնաւորապէս, պիտի իրագործուի Արհեստներու եւ որակաւորումներու campus-ի վերակազմակերպման ծրագիրը, որ կարելիութիւն պիտի ստեղծէ ընդլայնելու Կեդրոնի շէնքն ու կեանքի կոչել կրթական նոր ծրագրեր:

Հարկ է նշել, որ Ֆրանքեւհայկական մասնագիտական ուսումնական կեդրոնին մէջ այժմ կրթութիւն կը ստանան շուրջ 200 ուսանողներ, շէնքին պայմաններու բարելաւումը թոյլ պիտի տայ ընդունիլ աւելի մեծ թիւով երիտասարդներ:

Խմբագրական