ԵՐԵՒԱՆ. «Ամերիկացի» ժապաւէնի անդրանիկ ցուցադրութիւնը՝ «Ոսկէ ծիրան» փառատօնին

Շարժարուեստի «Ոսկէ ծիրան» 19-րդ փառատօնին բացումը կատարուեցաւ  ամերիկահայ բեմադիր, բեմագիր եւ դերասան Մայքլ Կուրճեանի «Ամերիկացի» ժապաւէնի անդրանիկ ցուցադրութեամբ, որ կը պատմէ Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած Չարլիի մասին։ Ֆիլմին հերոսը փախուստի հետեւանքով կը յայտնուի Միացեալ նահագներ, անոր ընտանիքը սակայն չ՚ունենար նոր բախտը։  Հասուն տարիքին Չարլի կը հաստատուի Հայաստան, ուր զինք կը դիմաւորէ Խորհրդային Միութեան դաժան իրականութիւնը, եւ այդ պատճառով ան կը յայտնուի ճաղերու ետին։ 

«Ամերիկացի» ֆիլմը People of AR production-ի արտադրութիւնն է, արտադրողներն են՝ Արման Նշանեան, Փաթրիք Մալխասեան, Սոլ Թրայոն։ Բեմագրութեան հեղինակն ու գլխաւոր դերակատարը Մայքլ Կուրճեանն է, որ Հայաստան ժամանած է փառատօնին առիթով։

News.am Style-ի հետ զրոյցին Կուրճեան անկեղծօրէն խոստովանած է, որ մեծ յուզումով կը սպասէ հանդիսատեսի արձագանգին։

“Արման Նշանեանի հետ մեր համագործակցութիւնը սկսաւ 2019-ին, երբ Հայաստան եկած էի ուսումնասիրութիւններու համար”,– կ՚ըսէ ան։

Վերյիշելով  նկարահանումներու շրջանը( Կուրճեան կը նշէ.– “Մեր աշխատանքը զուգադիպեցաւ համաճարակի շրջանին, եւ ես ամէն առտու դուրս կ՚ելլէի վազելու, մարզուելու եւ հիմա կրնամ ըսել, թէ շատ լաւ կը ճանչնամ Երեւանի կեդրոնը եւ պահած եմ նաեւ առողջ ապրելակերպի այդ սովորութիւնը”։

Արման Նշանեանն ալ ոգեւորութեամբ կ՚անդրադառնայ Կուրճեանի հետ աշխատանքին.– “Երբ Մայքլ ուղարկեց բեմագրութիւնը, անմիջապէս հաւնեցայ եւ հասկցայ, որ այդ ժապաւէնը կարեւոր է մեր ազգին համար, քանի որ կը պատմէ մեր պատմութեան այն դրուագներու մասին, որոնց շատ չենք անդրադառնար․ խօսքը 1947-ի մասին է․․․ Պէտք է հասկնանք, որ մեզ երկար ժամանակ փորձած են ջարդել, վերացնել, ճնշել. այդ բոլոր հատուածները պէտք է ֆիլմի միջոցով ցոյց տալ աշխարհին։ Ֆիլմը այսօր շատ մեծ զէնք մըն է, որովհետեւ ինչ որ կը տեսնենք մեծ պաստառին վրայ, կ՚ընդունուի որպէս իրականութիւն։ Մենք պէտք է մեր պատմութիւնը հաղորդենք, որպէսզի ուրիշը չիւրացնէ,  աւելի՛ն՝ չաղաւաղէ”։ 

Առկից կապով՝ նախաճաշակ մը ժապաւէնէն.-

https://ncca.am/en/films/467-amerikatsi

Խմբագրական