Search
Close this search box.

ԵՐԵՒԱՆ – Ամփոփուած են «Ի՞նչ կը մտածէ Սփիւռքը 21-րդ դարուն» հետազօտութեան արդիւնքները

 

Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին ամփոփուած են «Ի՞նչ կը մտածէ Սփիւռքը 21-րդ դարուն» հետազօտութեան արդիւնքները։ հետազօտութեան ընթացքին ուսումնասիրուած են հանրային կարծիքը Հայկական սփիւռքի մէջ, հայկական համայնքներէն ներս առկայ հարցերն ու մտածելակերպի առանձնայատկութիւնները:

«Կիւլպէնկեան» հիմնադրութեան Հայկական բաժինի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան (ձախին) եւ «ՀՍՀ» ծրագրի ղեկավար Հրաչ Չիլինկիրեան

Կատարուած ուսումնասիրութեան արդիւնքները ներկայացուցած են  եւ զեկոյցներով հանդէս եկած՝ Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի մշակութաբանութեան ամպիոնի դասախօս, մարդաբան Եուլիա Անտոնեան, Հայկական սփիւռքի հետազօտութեան (ՀՍՀ) մեթոտաբանութեան խորհրդատու, ընկերաբան Հայկ Կիւզալեան, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի դոկտոր, մարդաբան Գայիանէ Շագոյեան։

«Հայկական սփիւռքի հետազօտութիւն» (ՀՍՀ) ծրագրի ղեկավար, հայագէտ, սփիւռքագէտ, Օքսֆորտ համալսարանի  դասախօս, հասարակաբանական գիտութիւններու դոկտոր Հրաչ Չիլինկիրեան ընդգծած է, որ այս հետազօտութիւնը կատարած են, որպէսզի այն օգտակար ըլլայ նաեւ համայնքներու ղեկավարութեանց՝ տարբեր տեսակի ծրագրեր իրագործելու, քաղաքականութիւն մշակող մարդոց, ինչպէս նաեւ գիտաշխատողներու համար, որոնք հետաքրքրուած են Սփիւռքի հարցերով:

“«ՀՍՀ»-ն – The Armenian Diaspora Survey (ADS) – հետազօտութիւն կատարեց 10 երկրի 40 համայնքի մէջ 2018–2022 թուականներուն՝ ընդգրկելով աւելի քան 13.000 Սփիւռքահայեր։ Ծրագրին նախաձեռնողն է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքը, իսկ ուսումնասիրութիւնը կատարեցինք Լոնտոնի հայկական հիմնարկի եւ խումբ մը այլ գիտնականներու եւ փորձագէտներու հետ միասին”,– յայտնած է դոկտ. Չիլինկիրեան:

Երեւանի պետական համալսարանի տնօրէն Յովհաննէս Յովհաննիսեան ողջունած է ներկաները եւ ընդգծած նման հետազօտութեան կարեւորութիւնը:

“Յատկանշական է, որ հետազօտութիւնն  անցկացուել է 4 տարբեր աշխարհամասերում՝ Հիւսիսային Ամերիկա (Կանադա), Հարաւային Ամերիկա (Արգենտինա), Եւրոպա (Ռումինիա) եւ Ասիա (Լիբանան): Հետազօտութեան մէջ հաւաքուել են նշուած տարածաշրջաններում ապրող Հայերի կարծիքները տարբեր հարցերի վերաբերեալ: Բայց այս հետազօտութեան մէջ է՛լ աւելի կարեւոր են ինքնութեանը վերաբերուող հարցերը, ինչը կարծում եմ այսօր մեզ բոլորիս յուզող հարցերից մէկն է: Ո՞վ է եւ ինչպիսի՞ն է  Հայը, ո՞վ է իրեն Հայ համարում, ինչպիսի՞ կարծիք ունեն Սփիւռքում  Հայաստանի եւ տեղի ունեցող իրադարձութիւնների վերաբերեալ”,– նշած է Երեւանի պետական համալսարանի տնօրէնը:

Հետազօտութիւններու վերաբերեալ քննարկումները ամփոփուած են հարցում- պատասխանի բաժինով։