Search
Close this search box.

ԵՐԵՒԱՆ – Աշխարհի երիտասարդ խորհրդարանականներու 10-րդ համաժողովը

Սեպտեմբեր 12-14 Հայաստան դարձած է հարթակ աշխարհի երիտասարդներու համար, որ հիւրընկալած է 60 երկրէ ժամանած 150-է աւելի խորհրդարանականներ:

Արդարեւ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է Միջխորհրդարանական միութեան երիտասարդ խորհրդարանականներու 10-րդ համաժողովը, որուն առանցքին կը գտնուէր «Խուսափիլ սերունդներու կորուստէն. բոլոր երիտասարդներու համար կրթութեան շարունակական հասանելիութեան եւ աշխատանքի կարելիութիւններու ապահովման լուծումները կը հանդիսանան կրթութեան եւ աշխատանքի պահպանման առանցքային երաշխիքները» նիւթը:

Համաժողովի մասնակիցներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ազգային ժողովի նախագահ, Միջխորհրդարանական միութեան մէջ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուիրակութեան ղեկավար Ալէն Սիմոնեան, Միութեան նախագահ  Թուլիա Աքսոն եւ ընդհանուր քարտուղար Մարթին Չունկոնկ։