Յունիս 24-ին, Երեւանի մէջ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Արցախի Պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանի հետ:
Զրուցակիցները քննարկած են 2020-ին ազերպայճանական նախայարձակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակն ու յառաջացած մարդասիրական հարցերու յաղթահարման ընթացքը։
Կողմերը մասնաւորապէս անդրադարձած են միջազգային ատեաններու մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին, այդ կարգին՝ բռնի տեղահանուած բնակչութեան իրաւունքներուն մասին ձայն բարձրացնելու եւ անոնց առջեւ ծառացած խնդիրները լուծելու ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերուն: Այս համածիրին մէջ Միրզոյեան եւ Բեգլարեան շեշտած են միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու՝ տեղւոյն վրայ անարգել ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը՝ պատերազմին գոյացած ընկերա-տնտեսական հետեւանքներու համապարփակ եւ լիարժէք հասցէագրման նպատակով:
Նախարարները մտքերու փոխանակում ունեցած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հեռանկարներուն շուրջ՝ ընդգծելով Հայաստանի եւ Արցախի ջանքերը ներդաշնակելու կարեւորութիւնը:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։