Յունիս 18-ին, Երեւանի «Մոսկուա» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցած է բեմադիր Արտաւազդ Փելեշեանի «Բնութիւն» (« La Nature ») ֆիլմին հայաստանեան անդրանիկ ցուցադրութիւնը։ 60 վայրկեաննոց վաւերագրական այս ժապաւէնին մէջ բեմադիրը առանց խօսքի՝ բնութեան տարբեր երեւոյթներու պատկերներու միջոցով կը փոխանցէ մեզ շրջապատող աշխարհի տիեզերական ուժը։ Այնտեղ բառերը կը փոխարինուին երաժշտութեամբ՝ Պեթհովէնի, Մոցարթի, Շոսթաքովիչի, Տէրտէրեանի ու Համասեանի հնչիւններով։
Յիշեցնենք, թէ «Բնութիւն»-ը նկարահանուած է ֆրանսական Cartier ժամանակակից արուեստի հիմնադրամին նախաձեռնութեամբ։ Փելեշեան շուրջ 15 տարի աշխատած է այս գործը գլուխ հանելու համար։
Ծայրէ-ծայր լեցուն դահլիճին մէջ ֆիլմին ցուցադրութիւնը կարելի եղած է «Հայաստան համահայակական հիմնադրամ»-ի եւ «ArLeAM» ընկերութեան շնորհիւ։
Լուսանկարը՝ Կարէն Քոչարեանի Դիմագիրքի էջէն։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։