Ազերպայճան հետաքրքրուած է թրքական MKE ընկերութեան արտադրած 155 մմ. տրամաչափի ինքնագնաց T-155 Yavuz թնդանօթներով։ Փորձագէտները կը նշեն, թէ այս զէնքերը իրենց կառուցուածքով եւ յատկութիւններով շատ նման են ֆրանսական CAESAR ինքնագնաց թնդանօթին:
Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի Բանակներու նախարար Սեպասթիէն Լըքոռնիւ առջի օր յայտարարած էր, որ Երեւան ու Փարիզ պայմանագիր կնքած են CAESAR ինքնագնաց թնդանօթներու մատակարարման մասին:
CAESAR ինքնագնաց համակարգը 155 մմ.-նոց թնդանօթով օժտուած հրետանի մըն է, որ տեղադրուած է Renault Sherpa 10 բեռնատարի կմախքի վրայ՝ զրահապատ խցիկով։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։