Search
Close this search box.

Երեւան կը պնդէ՝ Պաքու երկրորդ անգամ կը հրաժարի կատարելէ հայ ռազմագերիները ազատ արձակելու իր խոստումը

 

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Թուիթըրի իր հաշիւին գրած է.

«Այս արդէն երկրորդ անգամն է, որ Ազերպայճան կը հրաժարի կատարելէ հայ ռազմագերիները ազատ արձակելու իր խոստումը։ Առաջին դէպքը Մայիսին էր՝ Պրիւսէլի մէջ, իսկ երկրորդ անգամ՝ հիմա, Ուաշինկթըն, երբ Ազերպայճան պարտաւորութիւն ստանձնեց հայ 17 գերիներ ազատ արձակելու մինչեւ Սեպտեմբեր 30»,– իր գրառման մէջ ընդգծած է վարչապետը։