Search
Close this search box.

ԵՐԵՒԱՆ. Կռփամարտիկ Յովհաննէս Բաչկով՝  Եւրոպայի եռակի ախոյեան

Թոքիոյի ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, կռփամարտիկ Յովհաննէս Բաչկով Երեւանի մէջ աւարտին մօտեցող Եւրոպայի ախոյեանութեան 63,5 քկ. դասակարգի եզրափակիչին մենամարտած է Ֆրանսայի ներկայացուցիչ Լունես Համրաուիի հետ եւ երեք ռաունտին ալ ունենալով բացարձակ առաւելութիւն՝ տպաւորիչ յաղթանակ տարած է:

Այսպէսով, Բաչկով իր ասպարէզին մէջ երրորդ անգամ ըլլալով կը նուաճէ Եւրոպայի ախոյեանութիւնը:

Մինչ այդ ալ՝ 60 քկ. դասակարգի եզրափակիչին, փայլուն մենամարտ կատարած եւ Եւրոպայի ախոյեանի տիտղոսը նուաճած է Վրաստանը ներկայացնող ջաւախեցի կռփամարտիկ Արտիոմ Գոմցեան: ■