Search
Close this search box.

ԵՐԵՒԱՆ – Համազգայինի 95-ամեակին նուիրուած պաշտօնական հանդիսութիւնը

Սեպտեմբեր 15-ին, Երևանի «Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցած է Համազգային հայ կրթական և մշակութային միութեան 95-ամեակի պաշտօնական հանդիսութիւնը։

Ներկայ եղած են Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան անդամներ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան, Ազգային ժողովի ՀՅԴ երեսփոխաններ, տարբեր երկիրներու մէջ գործող Համազգայինի մասնաճիւղերու, կրթական, հրատարակչական և մշակութային հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վէքիլեան, ՀՄԸՄ-ի կեդրոնական վարչութեան անդամ Դաւիթ Յակոբեան, «Թեքէեան» միութեան ղեկավար Ռուբէն Միրզախանեան, բարերարներ, արուեստագէտներ եւ բազմաթիւ հրաւիրեալներ։

Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան անունով խօսք առած է Զաքար Քէշիշեան. ան ընդգծելով Համազգայինի անցած նուիրական ուղին ու առաքելութիւնը, յիշած եւ արժեւորած է Համազգայինը կերտած նուիրեալ մտաւորականներն ու ազգային գործիչները։

ՀՅԴ Բիւրոյի անունով ելոյթ ունեցած է Կիրօ Մանոյեան։

Համազգային թատրոնի դերասան Արման Նաւասարդեան ներկայացուցած է Լեւոն Շանթի «Շղթայուածը» գործէն հատուած մը։

Ցուցադրուած է Համազգայինի աշխարհասփիւռ կառոյցի մասին պատմող տեսանիւթ մը։ Սփռուած է նաեւ «Հայ հոգին» տեսահոլովակը, որ համաճարակի օրերուն կեանքի կոչուած է Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ ու հովանաւորութեամբ՝ համախմբելով աշխարհի տարբեր ծայրերը ապրող երգիչներն ու երաժիշտները (խօսք՝ Մուշեղ Իշխանի, երաժշտութիւնը՝ Արմենուհի Կարապետեանի)։

Հանդիսութեան ընթացքին ներկայացուած է գեղարուեստական յայտագիր մը. ելոյթ ունեցած են «Կադանս» համոյթը, «Կոմիտաս» քառեակը, Մավր Մկրտչեան, «Կիլիկիա» երրեակը։