Search
Close this search box.

ԵՐԵՒԱՆ – Հրապարակախօս, երգիծաբան Երուանդ Օտեանի գրականութեան ցուցադրութիւն

«Անկեղծ հրապարակախօսը պէտք է ձի մը ունենայ,

որպէսզի ճշմարտութիւնը ըսելէ ետք վրան նստելով փախուստ տայ»։ 

Երուանդ Օտեան

Նոյեմբեր 13-ին, Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ բացումը կատարուած է արեւմտահայ մեծանուն գրող, երգիծաբան, լրագրող եւ հրապարակագիր Երուանդ Օտեանի գրականութեան ցուցադրութեան, անոր ծննդեան 155-ամեակին առիթով։

Օտեանի գրական-հասարակական գործունէութեան մասին ընդարձակ բանախօսութեամբ հանդէս եկած է գրականագէտ փրոֆ. Սամուէլ Մուրադեան։

Ցուցադրուած են աւելի քան 70 միաւոր գրականութիւն, Օտեանի երկերու հազուագիւտ հրատարակութիւններ, անոր ստեղծագործութեան ուսումնասիրութեան նուիրուած ատենախօսութիւններ։

Հայ դասական արձակին մէջ մեծ ներդրում ունեցած են Օտեանի «Յեղափոխութեան մակաբոյծները» շարքի պատմուածքները, եռամաս «Ընկեր Բ․ Փանջունի» («Առաքելութիւն մը ի Ծապլվար եւ Վասպուրական», «Ընկ. Փանջունիի աշխարհայեացքները», «Ընկեր Բ․ Փանջունի տարագրութեան մէջ») երգիծավէպերը եւ այլ երկեր։

Երուանդ Օտեան ունի երեք տասնեակէ աւելի բազմահատոր վէպեր, վիպակներ, կատակերգութիւններ, պատմուածքներ, նորավէպեր, յուշագրութիւններ, բանասիրական հետազօտութիւններ, շարք մը թարգմանութիւններ եւ այլն։