Երգիչ, դերասան Հայկ Պետրոսեան, համագործակցելով ճազ երաժիշտ, դաշնակահար Վահագն Հայրապետեանի հետ, տօնական պահեր նուիրած է Շառլ Ազնաւուրի երաժշտութեան սիրահարներուն՝ «Ճազնաւուր» համերգի շրջանակին մէջ հնչեցնելով երգիչին լաւագոյն երգերը՝ ճազային մեկնաբանութեամբ:
Արդարեւ, համերգային երեկոյթը տեղի ունեցած է Յունիս 21-ին (Ֆրանսայի մէջ՝ Երաժշտութեան տօնի օրը), Երեւանի Շառլ Ազնաւուրի անունը կրող հրապարակին վրայ։
Հայկ Պետրոսեան, որ բազմիցս կատարած է Ազնաւուրի ստեղծագործութիւնները եւ քանի մը անգամ ներկայ եղած է անոր համերգներուն, յիշեցուցած է, որ Ազնաւուր ծնած է Մայիս 22-ին, սակայն որոշ պատճառներով հեղինակին 98-ամեակին նուիրուած համերգը կը նշուի Յունիս 21-ին:
Պետրոսեան պատմած է, թէ առիթով մը լրագրող մը Ազնաւուրին ըսած է, որ աշխարհի հանրածանօթ երգիչները՝ Սթինկը, Ռեյ Չարլզը, Էլթըն Ճոնը, Ֆրանսայի մէջ մեծ համբաւ վայելող բազմաթիւ արուեստագէտներ, կատարած են Ազնաւուրի երգերը, եւ հարցում ուղղած, թէ որո՞ւնը ամէնէն շատ կը հաւնի: Ազնաւուր պատասխանած է, թէ իրեն շատ հաճելի է, ճազ երաժիշտ Ռեյ Չարլզի մեկնաբանութեամբ «La Mamma» երգին անգլերէն տարբերակը:
Պատմութիւնը ներկայացնելէ ետք, Հայկ Պետրոսեան իւրայատուկ մեկնաբանութեամբ երգած է «La Mamma»-ն:
Երեկոյթին, բացի Պետրոսեանէն եւ Հայրապետեանէն, բեմ բարձրացած են Արման Մնացականեան (հարուածային գործիքներ), Դանիէլ Մելքոնեան (շեփոր) եւ Տեյվ Կէօտակեան (թաւջութակ):
«Ազնաւուր» հրապարակը ծայրէ-ծայր լեցուած է: Արուեստագէտներու կատարումները վայելած են թէ՛ հայ, թէ՛ օտար երաժշտասէրները:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։