Search
Close this search box.

ԵՐԵՒԱՆ – Միջազգային գիտաժողով՝ նուիրուած Ներսիսեան դպրոցի հիմնադրման 200-ամեակին

Վիրահայ մտաւորական Լեւոն Չիդիլեան

Հոկտեմբեր 17-ին, Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան» պետական մանկավարժական համալսարանին մէջ կայացած է «Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցը եւ անոր դերը Կովկասի կրթական կեանքին մէջ» բնաբանով միջազգային գիտաժողովի բացման արարողութիւնը՝ նուիրուած Ներսիսեան դպրոցի հիմնադրման 200-ամեակին։

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած են Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեան, Մանկավարժական համալսարանի տնօրէնուհի Սրբուհի Գէորգեան եւ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեան։ Ելոյթներէն ետք, փրոֆ. Գէորգեան վիրահայ ականաւոր հասարակական գործիչ, մտաւորական Լեւոն Չիդիլեանին շնորհած է համալսարանի պատուոյ դոկտորի կոչում։ Յիշեցնենք, թէ վերջինս 2024 Յունուար 26-ին Թիֆլիսի մէջ բացուած Ներսիսեան դպրոցի 200-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսի հեղինակն էր։

Երկօրեայ գիտաժողովին մասնակցած են գիտնականներ եւ հետազօտողներ Հայաստանէն, Վրաստանէն, Հունգարիայէն, Ռուսաստանէն, որոնք ներկայացուցած են ուսումնասիրութիւններ, գիտահետազօտական աշխատանքներ, յատկապէս անդրադառնալով Ներսիսեան դպրոցի կրթական ծրագրին մէջ գեղարուեստի ընդգրկման եւ անոր տեղին,19-րդ դարու 90-ականներուն եւ 20-րդ դարու սկիզբի կրթական խնդիրներուն, Ներսիսեանի երախտաւորներուն, տպարանի գործունէութեան, 19-րդ դարու արեւելահայ եւ արեւմտահայ ուսումնակրթական հաստատութիւններուն մէջ պատիժներու տեսակներուն եւ այլն։

Նշենք, թէ գիտաժողովը կազմակերպուած է Երեւանի Մանկավարժական եւ Թիֆլիսի Կովկաս համալսարաններու նախաձեռնութեամբ։